Վաղը` ՀՄԸՄ – Ռիատի
5-րդ Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտականի չորրորդ ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, երբ Մանարայի իր դաշտին վրայ, Ռիատի հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը: Մրցումը աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով (86-75):
ՀՄԸՄ, որ առաջին երկու մրցումներուն յաղթած էր, իսկ երրորդին` պարտուած, երէկ եւս պարտութիւն մը կրելով իր մրցակիցէն, 2-0 արդիւնքով իր գերակայութիւնը վերածուեցաւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութեան:
Ըստ լիբանանեան կարգ մը մարզական կայքերու, ՀՄԸՄ-Ռիատի 5-րդ մրցումը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար այսօր, յետաձգուեցաւ վաղուան` ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի յանձնախումբին եւ իրաւարարներուն միջեւ ծագած վէճին պատճառով: ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի յանձնախումբին պնդումով, մրցումին օտար իրաւարարները կողմնակալ վճիռներ արձակած էին` ի նպաստ Ռիատիի: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:
Ինչ կը վերաբերի երէկուան մրցումին, ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Աթեր Մաճոք, որ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (25 կէտ, 10 ռիպաունտ): Անոր խմբակից Տուայն Ճեքսըն նշանակեց 16 կէտ (2 թրի փոյնթ), Հայկ Կէօքճեան 6 կէտ եւ 10 ռիպաունտ, իսկ Քեւին Կալոուէյ` 10 կէտ, 8 ռիպաունտ, 8 էսիսթ:
Ռիատիէն տապըլ-տապըլ իրագործեց Իսմայիլ Ահմետ (14 կէտ, 15 ռիպաունտ):

Նշենք, որ Ա. կիսախաղի դադարին ֆետերասիոնը ազնիւ գտնուելով ծաղիկներով բարի ապաքինում մաղթեց Ֆետի Խաթիպին (ՀՄԸՄ) եւ Ուաէլ Արաքժիին (Ռիատի):