Մարզական

Ասիա-2019. Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Քաթար

  Շաբաթ, 3 յունիսին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը մեկնեցաւ Տոհա (Քաթար)` կատարելու համար բանակում մը եւ պատրաստուելու երեքշաբթի, 13 յունիսին, Մալեզիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ Ասիա-2019-ի բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ: Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը ուրբաթ, 9 յունիսին կը մեկնի Ժաուհար (Հնդկաստան), ուր կը շարունակէ իր բանակումը: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ուաէլ Շեհայեպ (Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ),...

Լիբանանի Վոլիպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. Միշել Ապի Ռամիա Ընտրուեցաւ Նախագահ

Շաբաթ, 3 յունիսին տեղի ունեցան Լիբանանի վոլիպոլի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները` նկատի ունենալով, որ ֆետերասիոնին նախագահը` Ժան Համմամ, հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն: Անոր հետ իրենց հրաժարականները ներկայացուցին նաեւ շարք մը այլ անձեր: 25 տարի այս մարզաձեւի ֆետերասիոնին նախագահը մնալէ ետք, Համմամ որոշեց հանգստանալ: Ֆետերասիոնին ընտրութիւններուն նոր նախագահ ընտրուեցաւ Միշել Ապի Ռամիա: Մնացեալ պաշտօններու բաժանումը տեղի ունեցաւ հետեւեալ ձեւով. Ալի Խալիֆէ, Ասաատ Նախըլ,...

2018-ի Մոնտիալ. Գոռ Մալաքեան Պիտի Բացակայի Մոնթենեկրոյի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումէն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գոռ Մալաքեան, որ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը չկրցաւ բերել երէկ Սենթ Քիթց Էնտ Նեւիսի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին, պիտի բացակայի նաեւ 10 յունիսին Մոնթենեկրոյի դէմ կատարուելիք մրցումէն ալ, որ կ՛իյնայ 2018-ի Մոնտիալի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքին համաձայն,  հաւաքականին բժշկական անձնակազմը կը յուսար, որ ան...

Ռոման Ամոյեան Նշանակուեցաւ Հայաստանի Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարի Խորհրդական

Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեանի հրամանագիրով, յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան եւ աշխարհի ախոյեանութեան բազմակի մրցանակակիր Ռոման Ամոյեան նշանակուեցաւ նախարարի խորհրդական: Շնորհակալութիւն յայտնելով նախարար Ռոստոմեանին` իր նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան համար, Ամոյեան ըսաւ, որ պիտի աշխատի տալով իր առաւելագոյնը եւ իր ունեցած բոլոր գիտելիքները պիտի ծառայեցնէ հայկական մարզաշխարհին զարգացման:

Կռփամարտ. Արթուր Աբրահամի Յաջորդ Մրցակիցը Յստակացաւ

Հայկական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ յստակացած է արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին քաշային կարգի «Տապլիու Պի. Օ.»-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամի յաջորդ մրցակիցը: 15 կամ 22 յուլիսին Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք մենամարտին, 37 տարեկան հայ կռփամարտիկը պիտի մրցի 27 տարեկան անգլիացի Քրիս Եուպենքի դէմ, յայտնեց Աբրահամի մամլոյ քարտուղար Սիրան Գրիգորեան: Այդ մենամարտին պիտի յստականայ «Այ.Պի.Օ»-ի վարկածով աշխարհի ախոյեանին անունը: 22...

Ռոլան Կարոս.  Կարէն Խաչանովի Դ. Հանգրուանի Մրցակիցը` Էնտի Միւրէյ

Ռոլան Կարոս. Կարէն Խաչանովի Դ. Հանգրուանի Մրցակիցը` Էնտի Միւրէյ

Կարէն Խաչանով Ռուսիան ներկայացնող հայ թենիսմեն Կարէն Խաչանով երէկ շարունակեց իր ելոյթներու շարքը եւ այս անգամ յաղթանակ մը եւս արձանագրեց Գ. հանգրուանին իր կատարած մրցումին, սակայն այս անգամ` 21-րդ դասուած ամերիկացի Ճոն Այզնըրի դէմ, 7-6, 6-3, 6-7 եւ 7-6 արդիւնքով: Աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 53-րդ դիրքը գրաւող 21 տարեկան Խաչանով Դ. հանգրուանին իր դէմ պիտի ունենայ աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին...

Հայաստանի 16 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը` Սոչիի Մրցաշարքին

Սոչիի մէջ տեղի ունեցող ֆութպոլի միջազգային մրցումի մը իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի 16 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականը իր կատարած երրորդ մրցումին 6-1 արդիւնքով յաղթեց Քրասնոտարի շրջանի 16 տարեկանէն վար խումբին: Ժիրայր Շաղոյեան հեթրիք մը իրագործեց, Արամ Քոլոզեան` տուպլէ մը, մինչ 6-րդ կոլը նշանակեց Գարիկ Կարապետեան: Իր կատարած առաջին մրցումին, Հայաստան 3-1 արդիւնքով յաղթեց Տաճիկիստանին, մինչ երկրորդին պարտուեցաւ Ղազախստանէն (2-1), յայտնեց...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հուփս-Անթունիէ Առաջին Մրցումը` Երկուշաբթի, 5 Յունիսին

Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական ճակատումին, Պէյրութ 3-0 արդիւնքով գերազանցելէ ետք Անթունիէն, հանդիսացաւ Բ. դասակարգի ախոյեան եւ բնականաբար ապահովեց Ա. դասակարգի իր տոմսը: Հակառակ ասոր սակայն, Անթունիէ ցարդ յոյս ունի բարձրանալու Ա. դասակարգ` նկատի ունենալով փլէյ-օֆի մրցումներ ունի կատարելիք Ա. դասակարգի կազմերէն Հուփսի դէմ: Անոնց միջեւ առաջին ճակատումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 5 յունիսին, երեկոյեան...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ռէալ Մատրիտ-Եուվենթուս Աւարտական Ճակատումը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2017-2018 տարեշրջանը այսօր կը հասնի իր աւարտին, երբ տեղի կ՛ունենայ աւարտական ճակատումը` Սպանիոյ ախոյեան Ռէալ Մատրիտի եւ Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուսի միջեւ: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Սպանական «Մարքա» հանրածանօթ օրաթերթը իր հրապարակած լուրերէն մէկուն մէջ հաղորդեց, որ Ռէալ Մատրիտ իւրաքանչիւր ֆութպոլիստի խոստացած է 1,5 միլիոն եւրօ նուէր, այն պայմանով սակայն, որ խումբը տիրանայ տիտղոսին:...

Մանչեսթըր Եունայթըտ Հայաստանի Մէջ Ժապաւէն Կը Պատրաստէ Մխիթարեանի Մասին

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ Հայաստանի Մէջ Ժապաւէն Մը Կը Պատրաստէ Հենրիխ Մխիթարեանի Մասին: Խումբին Մամլոյ Քարտուղարութիւնը Հաղորդեց, Որ Այդ Ժապաւէնը, Շուտով Պիտի Տեղադրուի «MUTV»-Ի Վրայ, Որ Կը Նկատուի Ակումբին Պաշտօնական Կայքը: Ներկայիս, Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Խմբապետ Մխիթարեան Կը Գտնուի Հայրենիք` Պատրաստուելու Համար Կիրակի, 4 Յունիսին Սենթ Քիթց Էնտ Նեւիսի Դէմ Տեղի Ունենալիք Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցումին, Որ Տեղի Պիտի Ունենայ Երեւանի...

Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւն. Արտաշէս Մինասեանի 3-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչներուն շարքին իր 3-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց, միջազգային ողիմպիականներու կրկնակի ախոյեան, նախկին Խորհրդային Միութեան վերջին ախոյեանը` Արտաշէս Մինասեան: 3-րդ հանգրուանին 50 տարեկան կրանտմասթըրը սեւ քարերով յաղթեց իտալացի Տանիելէ Վոքաթուրոյի: Ան 8 այլ ճատրակ խաղացողներու հետ կը բաժնէ 1-9-րդ դիրքերը: Յովհաննէս Գաբուզեան երկու յաղթանակներէ ետք հաւասարութիւն մը արձանագրելով հեռացաւ յառաջատարներէն...

Թենիս. «Ռոլան Կարոս». Կարէն Խաչանով Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց 13-րդ Դասուած Չեխ Թոմաս Պերտիչը

Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Բ. հանգրուանի ծիրին մէջ ցարդ տեղի ունեցած ճակատումներուն մէջ մեծագոյն անակնկալը ստեղծեց Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայ մարզիկ Կարէն Խաչանով, որ բաւական տպաւորիչ` 7-5, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, մրցաշարքէն դուրս ձգեց 13-րդ դասուած չեխ Թոմաս Պերտիչը: 21 տարեկան Խաչանով, որ թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ...

Մինչեւ 2022. Սամփաուլի Նշանակուեցաւ Արժանթինի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի-Մարզիչ

Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ նշանակուեցաւ Խորխէ Սամփաուլի, որ մինչեւ 2022 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ: 57 տարեկան Սամփաուլիի մասին կը խօսուէր նախորդ ապրիլէն ի վեր, սակայն նկատին ունենալով, որ ան իր տարեշրջանը չէր աւարտած «Լա Լիկա»-ի կազմերէն Սեւիլլայի հետ, ամէն ինչ կը մնար սպասողական վիճակի մէջ: Անոր նախորդը` Կերարտօ Մարթինօ, նախորդ յուլիսին հրաժարած էր, որմէ ետք...

«Էն.Պի.Էյ.». Ուորիըրզ 1-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Քաւալիրզը

Քեւին Տիւրընթ «Էն.Պի.Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական առաջին ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի եւ Քլիվլենտ Քաւալիրզի միջեւ, աւարտեցաւ Ուորիըրզի յաղթանակով` 110-89 արդիւնքով (30-35, 22-25, 20-33 եւ 17-17): Երէկուան այս մրցումին երեք մարզիկներ տապըլ-տապըլ իրագործեցին: Ուորիըրզէն տապըլ-տապըլ-ի հեղինակ դարձաւ Սթեֆըն Քերի (28 կէտ, 10 էսիսթ), իսկ Քաւալիրզէն` Քեւին Լովէ (15 կէտ, 21 ռիպաունտ) եւ Լեպրոն Ճէյմս (28 կէտ, 15...

Մոնաքօ Երկարաձգեց Ֆալքաոյի Պայմանագրութիւնը

Ֆրանսայի ախոյեան Մոնաքօ մինչեւ 2020 թուականը երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը քոլոմպիացի յառաջապահ Ռատամել Ֆալքաոյի հետ, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը երէկ: 31 տարեկան ֆութպոլիստին նախորդ պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ 2018: Ֆալքաօ «Լիկ-1»-ի 29 մրցումի ընթացքին նշանակած է 21 կոլ (այս տարեշրջանին):

Անգլիական Ֆութպոլ. Հատըրսֆիլտ Թաուն Բարձրացաւ «Փրեմիեր Լիկ»

Անգլիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի («Չեմփիընշիփ») փլէյ-օֆի աւարտականին, Հատըրսֆիլտ Թաուն, Լոնտոնի «Ուեմպլի» մարզադաշտին վրայ փենալթիներով (4-3) յաղթելէ ետք Ռիտինկի բարձրացաւ «Փրեմիեր լիկ»: Անիկա 1972-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով կը բարձրանայ այդ դասակարգին: Անոր հետ միասին իրենց տոմսերը ապահովեցին նաեւ Նիւքասըլ եւ Պրայթըն: Իսկ Ա. դասակարգ փոխադրուեցան Հալ Սիթի, Միտըլզպորօ եւ Սանտըրլենտ:

Եուվենթուսի Մարզադաշտը Պիտի Անուանափոխուի

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Եուվենթուս պայմանագրութիւն մը ստորագերց «Ալիանց» ապահովագրական ընկերութեան հետ` անոր վաճառելով մարզադաշտին անուանման իրաւունքը: 1 յուլիս 2017-էն սկսեալ յառաջիկայ վեց տարեշրջաններուն ընթացքին Թորինոյի մէջ գտնուող «Եուվենթուս» մարզադաշտը պիտի սկսի կոչուիլ` «Ալիանց» մարզադաշտ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: «Ալիանց» անուանումը կը կրէ նաեւ Պայէրն Միւնիխի դաշտը: «Ալիանց» անունով 5 մարզադաշտեր կան նաեւ Սիտնիի, Լոնտոնի, Նիսի, Վիեննայի եւ Սան Փաուլոյի մէջ:...

Թեր Սթիկըն Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Պարսելոնայի Հետ

Պարսելոնայի գերմանացի բերդապահ Մարք-Անտրէ Թեր Սթիկըն 3 տարիով երկարաձգեց պայմանագրութիւնը իր ակումբին հետ: Այսպիսով, Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 25 տարեկան բերդապահը այսպիսով, մինչեւ 2022 պիտի մնայ իր կազմին հետ, մինչ անոր հրաժարագինը կը կազմէ 180 միլիոն եւրօ: Ան 2014-ին Պորուսիա Մէօնշընկլատպախէն միացաւ Պարսայի:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութ Հանդիսացաւ Բ. Դասակարգի Ախոյեան

PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտականի երրորդ ճակատումին, երէկ գիշեր Պէյրութ դարձեալ յաղթանակ մը արձանագրեց Անթունիէի դէմ, այս անգամ` 67-61 արդիւնքով (18-13, 28-30, 43-44 եւ 67-61): Ինչպէս ծանօթ է, հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Բ. դասակարգի ախոյեան: Այդպէս ալ պատահեցաւ, եւ մարզիչ Փաթրիք Սապայի գլխաւորած խումբը` Պէյրութ, 3-0 արդիւնքով գերազանցելով Անթունիէի մարզիչ Ղասսան Սարգիսի գլխաւորած...

ՖԻՖԱ. Հայաստան Մէկ Դիրք Նահանջեց

ՖԻՖԱ-ն երէկ հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ նախորդ դասաւորման մէջ կը գրաւէր 67-րդ դիրքը, մէկ դիրքի նահանջ մը արձանագրելով այժմ կը գրաւէ 68-րդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 527 կէտ: Առաջին դիրքը 1715 կէտով կը գրաւէ Պրազիլ, ապա յաջորդաբար` Արժանթին (1626) եւ Գերմանիա (1511):

Page 971 of 1277 1 … 970 971 972 … 1,277

Արխիւներ