Սոչիի մէջ տեղի ունեցող ֆութպոլի միջազգային մրցումի մը իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի 16 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականը իր կատարած երրորդ մրցումին 6-1 արդիւնքով յաղթեց Քրասնոտարի շրջանի 16 տարեկանէն վար խումբին:
Ժիրայր Շաղոյեան հեթրիք մը իրագործեց, Արամ Քոլոզեան` տուպլէ մը, մինչ 6-րդ կոլը նշանակեց Գարիկ Կարապետեան:
Իր կատարած առաջին մրցումին, Հայաստան 3-1 արդիւնքով յաղթեց Տաճիկիստանին, մինչ երկրորդին պարտուեցաւ Ղազախստանէն (2-1), յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Աւարտականին, երէկ հայրենի կազմը 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Ղազախստանի դէմ տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին: