Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ Հայաստանի Մէջ Ժապաւէն Մը Կը Պատրաստէ Հենրիխ Մխիթարեանի Մասին:
Խումբին Մամլոյ Քարտուղարութիւնը Հաղորդեց, Որ Այդ Ժապաւէնը, Շուտով Պիտի Տեղադրուի «MUTV»-Ի Վրայ, Որ Կը Նկատուի Ակումբին Պաշտօնական Կայքը:
Ներկայիս, Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Խմբապետ Մխիթարեան Կը Գտնուի Հայրենիք` Պատրաստուելու Համար Կիրակի, 4 Յունիսին Սենթ Քիթց Էնտ Նեւիսի Դէմ Տեղի Ունենալիք Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցումին, Որ Տեղի Պիտի Ունենայ Երեւանի Մէջ:
Ապա, 10 Յունիսին, Արթուր Պետրոսեանի Գլխաւորած Խումբը 2018-Ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարքին Ծիրին Մէջ Հիւրը Պիտի Ըլլայ Մոնթենեկրոյի:



