Անգլիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի («Չեմփիընշիփ») փլէյ-օֆի աւարտականին, Հատըրսֆիլտ Թաուն, Լոնտոնի «Ուեմպլի» մարզադաշտին վրայ փենալթիներով (4-3) յաղթելէ ետք Ռիտինկի բարձրացաւ «Փրեմիեր լիկ»: Անիկա 1972-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով կը բարձրանայ այդ դասակարգին:
Անոր հետ միասին իրենց տոմսերը ապահովեցին նաեւ Նիւքասըլ եւ Պրայթըն:
Իսկ Ա. դասակարգ փոխադրուեցան Հալ Սիթի, Միտըլզպորօ եւ Սանտըրլենտ:



