
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտականի երրորդ ճակատումին, երէկ գիշեր Պէյրութ դարձեալ յաղթանակ մը արձանագրեց Անթունիէի դէմ, այս անգամ` 67-61 արդիւնքով (18-13, 28-30, 43-44 եւ 67-61):
Ինչպէս ծանօթ է, հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Բ. դասակարգի ախոյեան:
Այդպէս ալ պատահեցաւ, եւ մարզիչ Փաթրիք Սապայի գլխաւորած խումբը` Պէյրութ, 3-0 արդիւնքով գերազանցելով Անթունիէի մարզիչ Ղասսան Սարգիսի գլխաւորած խումբը, մեծ քայլերով բարձրացաւ Ա. դասակարգ:
Պէտք է ըսել, որ Պէյրութի այս տարեշրջանին արձանագրած արդիւնքները եղան մեծապէս տպաւորիչ:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Պէյրութի մաս կազմող Ժոզեֆ Մանսուր` 21 կէտ, իսկ Անթունիէէն 17 կէտ նշանակեց Ժորժ Շուէյրի, որ իրագործեց նաեւ 3 թրի փոյնթ:
Մրցումին իրաւարարներն էին Մարուան Էկօ, Փոլ Սքայեմ եւ Ռապիհ Մասրի:
Նշենք, որ երէկուան այս երրորդ մրցումը տեղի ունեցաւ Շիահի մարզադաշտին վրայ: