ՖԻՖԱ-ն երէկ հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ նախորդ դասաւորման մէջ կը գրաւէր 67-րդ դիրքը, մէկ դիրքի նահանջ մը արձանագրելով այժմ կը գրաւէ 68-րդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 527 կէտ:
Առաջին դիրքը 1715 կէտով կը գրաւէ Պրազիլ, ապա յաջորդաբար` Արժանթին (1626) եւ Գերմանիա (1511):