Թենիս. «Ռոլան Կարոս». Նատալ Եւ Ճոքովիչ Անցան Գ. Հանգրուան
Ցոնկա Եւ Սիպուլքովա Դուրս Մնացին Ռաֆայէլ Նատալ Նովաք Ճոքովիչ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմ-ի միջազգային...
Ցոնկա Եւ Սիպուլքովա Դուրս Մնացին Ռաֆայէլ Նատալ Նովաք Ճոքովիչ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմ-ի միջազգային...
Արամ Հայրապետեան Հայկական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Անժիի բերդապահ Դաւիթ Եուրչենքոյի փոխարէն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական հրաւիրուեցաւ Բանանցի բերդապահ Արամ Հայրապետեան: Երէկ հայրենի կազմը հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ սկսաւ իր մարզական հաւաքին` պատրաստուելու համար 4 յունիսին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Սենթ Քիթց Էնտ Նեւիսի դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին: Այս մրցումին պիտի յաջորդէ 10 յունիսին տեղի...
Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթ Մանչեսթըր Եունայթըտ իր ֆութպոլի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ «Եուրոփա-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին, երբ Սթոքհոլմի (Շուէտ) «Ֆրենտզ-Արենա» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած աւարտական մրցումին 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին` Այաքս Ամսթերտամին: Անգլիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ձեռք ձգուած այդ բաժակը զետեղուած է Մանչեսթըր Եունայթըտի թանգարանին մէջ: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային...
Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՏԷ-ին կողմէ հրապարակուած 1 յունիսի միջազգային դասաւորման մէջ Հայաստանի ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան մէկ դիրք նահանջելով այժմ կը գրաւէ 7-րդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 2793 վարկանշային կէտեր: Հայաստանի ներկայացուցիչներէն` Սերկէյ Մովսիսեան կը գտնուի 64-րդ դիրքին վրայ, մինչ Վլատիմիր Յակոբեան 84-րդ է: Աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը (2831), անոր ետին կը գտնուի Ուեսլի...
Պորուսիա Տորթմունտի մամլոյ քարտուղարութիւնը անցնող քանի մը օրերուն իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ իր միջնապահը` Մարքօ Ռէոս ֆութպոլի դաշտերէն պիտի բացակայի 4-8 ամիսով: 27 տարեկան գերմանացին վիրաւորուեցաւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի դէմ տեղի ունեցած Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, թէեւ իր կազմին հետ հանդիսացաւ տիտղոսակիր: Ռէոս, որուն ծունկը ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ այդ մրցումին, նախապէս ստացած վնասուածքի մը պատճառով Գերմանիոյ կազմէն բացակայած...
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեան Ալաշկերտ Երեւան, որ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով տիտղոսը պահեց իր մօտ, ախոյեանութեան վերջին` 30-րդ հանգրուանին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ յաղթական վերջակէտ մը դրաւ այս տարեշրջանին: Արդարեւ, Աբրահամ Խաշմանեանի գլխաւորած խումբը իր կատարած վերջին մրցումին 4-1 արդիւնքով յաղթեց Արարատին եւ ապահովեց 64 կէտ: Մրցումին աւարտին Ալաշկերտ ստացաւ ախոյեանութեան իր տիտղոսը: Վերջին հանգրուանին Փիւնիկ Երեւան...
Հոնտիւրասի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումէն առաջ հազարաւոր համակիրներ դաշտ չեն կրցած մտնել` դաշտին մուտքերուն բաւական խճողուած ըլլալուն պատճառով: Հրմշտուքի եւ իրարանցումի պատճառով 4 անձեր ոտնակոխ մահացած են, իսկ աւելի քան 25 այլ անձեր` վիրաւորուած: «Տէյլի Մէյլ» կը հաղորդէ, որ նոյն պատճառով յղի կին մը կորսնցուցած է իր զաւակը: Կը նշուի, որ այս միջադէպին պատճառը նախատեսուածէն շատ աւելի մեծ թիւով...
Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Չեզարէ Փրանտելլի մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ: Ապու Տապիի խումբերէն Նասըր յայտարարեց, որ պայմանագրութիւն մը կնքած է 59 տարեկան մարզիչին հետ: Խումբին նախկին մարզիչն էր` Եան Փեթերսքու: Փրանտելլիի վերջին ակումբը եղած էր Վալենսիան, որմէ հեռացաւ դեկտեմբեր 2016-ին: Ան եղած է նաեւ իտալական շարք մը ակումբներու, որոնց կարգին` Ա. Էս....
Նորաստեղծ Արցախ ակումբը յառաջիկայ տարեշրջանին հանդէս պիտի գայ Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կայքը: Նշուեցաւ, որ ակումբին սեփականատէրերը արտասահմանէն են:
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ շաբաթ, 22 յուլիս 2017-ին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-էն սկսեալ, «Լանքասթըր-Փլազա» պանդոկին մէջ (Ռաուշէ) տեղի պիտի ունենան Լիբանանի ֆութպոլի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները: Յայտարարուեցաւ, որ նոր ֆետերասիոնին մաս կազմելու համար դիմումնագիրները ի զօրու են 31 մայիսէն սկսեալ: Թեկնածուներուն համար վերջին պայմանաժամ ճշդուած է ուրբաթ, 7 յուլիս 2017, յետմիջօրէի ժամ 16:00-ը: Այս թուականէն ետք...
PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումին, Պէյրութ կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 61-60 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին` Անթունիէի, վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին: Անթունիէ տիրապետեց առաջին երեք քորթըրներուն, մինչ Պէյրութ` վերջինին: Այսպիսով, Պէյրութ, որ առաջին մրցումին եւս յաղթանակ արձանագրած էր (78-70), այժմ 2-0 արդիւնքով կը գերազանցէ իր մրցակիցը: Անոնց միջեւ երրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ...
Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար 2019-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, 13 յունիսին Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը կը կատարէ իր առաջին մրցումը` հիւրը ըլլալով Ճիպրալթարի: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը տեղեկացուց, որ 1 յունիսին հայրենի կազմը ֆութպոլի ակադեմիային մէջ հաւաք մը կը կատարէ, իսկ 2 յունիսին կը մեկնի Մոլտովա, ուր դաշտին տիրոջ իր հասակակիցներուն դէմ կը կատարէ բարեկամական 2 մրցում: Մարզական հաւաքը...
Մինսքի մէջ սկսած Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն 10-ն մրցաշարքը սկսան յաղթանակով: Ա. հանգրուանի մրցումներուն յաղթանակներ արձանագրեցին Սերկէյ Մովսիսեան, Արտաշէս Մինասեան, Հրանդ Մելքումեան, Յովհաննէս Գաբուզեան, Զաւէն Անդրէասեան, Արման Փաշիկեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Տիգրան Յարութիւնեան, Հայկ Մարտիրոսեան եւ Գէորգ Յարութիւնեան: Գաբրիէլ Սարգսեան եւ պատանի ճատրակ խաղացողներ Արամ Յակոբեան եւ Դաւիթ Միրզոյեան սկսան հաւասարութեամբ, մինչ Սամուէլ Տէր Սահակեան պարտուեցաւ, յայտնեց Հայաստանի ճատրակի...
Կազմակերպութեամբ Սանթրալ վարժարանին (Ժունիէ), շաբաթ, 10 յունիսին տեղի կ՛ունենայ ճատրակի միօրեայ տարիքային մրցաշարք մը, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ: Այս մրցաշարքը, որ պիտի կատարուի Սանթրալի վարժարանին մէջ, տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամիի: Տեղի պիտի ունենան երեք դասակարգի մրցումներ` 10 տարեկանէն վար (2009-ի ծնունդ եւ վեր), 14 տարեկանէն վար (2005-էն 2008-ի ծնունդ) եւ...
Արսենալի բերդապահ Փիթըր Չեխ 11-րդ անգամ ըլլալով ընտրուեցաւ Չեխիոյ լաւագոյն ֆութպոլիստը: Goal.com կայքը նշեց, որ քուէարկութեան մասնակցեցան չեխ լրագրողները: Նշենք, որ 35 տարեկան Չեխ նախապէս այս մրցանակին տիրացած է 2005-ին, 2006-ին, 2007-ին, 2008-ին, 2010-ին, 2011-ին, 2012-ին, 2013-ին, 2014-ին եւ 2016-ին:
Կարէն Խաչանով Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Ռոլան Կարոս»-ի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Ռուսիան ներկայացնող 21 տարեկան հայ մարզիկ Կարէն Խաչանով ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը` իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ: Բ. հանգրուանին Խաչանով իր դէմ պիտի ունենայ 13-րդ դասուած չեխ Թոմաս Պերտիչը: Ստորեւ` երէկուան Ա. հանգրուանի կարգ մը կարեւորագոյն մրցումներուն արդիւնքները. Տղաք Էնտի Միւրէյ (Անգլիա, առաջին) - Անտրէյ...
Անցնող քանի մը օրերուն տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութսալի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի աւարտականի երրորդ մրցումը` «Տինամօ» մարզահամալիրին մէջ: Այս մրցումը ճակատագրական էր` նկատի ունենալով, որ արդիւնքը` Լէոնի եւ Չարբախի միջեւ, կ՛ընթանար 1-1 հաւասարութեամբ, եւ յաղթականը պիտի դառնար Հայաստանի ախոյեան: Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք, մրցումը աւարտեցաւ 7-7 հաւասարութեամբ: Յաղթական խումբին անունը յստակացաւ, երբ Լէոն փենալթիներով 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը...
Հայկական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Հայաստանի կառավարութիւնը իր գումարած վերջին ժողովներէն մէկուն կազմեց 2017-2020 տարիներուն մասնաւորեցման ենթարկուելիք կառոյցներու` ծրագիրը: Որոշուեցաւ վաճառքի հանել կարգ մը կառոյցներ, որոնց կարգին` «Հրազդան» մարզադաշտը: Յայտնենք, որ յունիս 2015-ին Հրազդան մարզադաշտը Կենտրոն եւ Նորք-Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանին որոշումով ճանչցուեցաւ... սնանկացած: «Հրազդան» մարզադաշտին կառուցումը սկսաւ 1970-ին: Անկէ մէկ տարի ետք, 19 մարտ 1971-ին,...
Քարտիֆի «Միլենիում» մարզադաշտին տանիքը փակ պիտի ըլլայ Ռէալ Մատրիտի եւ Եուվենթուսի միջեւ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին, յայտնեց Կալեսի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Նման որոշում տրուեցաւ բոլոր կողմերուն հետ Տեղի ունեցած քննարկումներէն ետք: Աւարտական մրցումէն մէկ օր առաջ, մարզադաշտին տանիքը փակ պիտի ըլլայ նաեւ խումբերուն կատարելիք փորձերուն ընթացքին: Առաջին անգամ ըլլալով «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտականը, որ տեղի...
Ա. էս. Ռոմայի խմբապետ Ֆրանչեսքօ Թոթթի կիրակի, 28 մայիսին կատարեց ֆութպոլի արհեստավարժ իր ասպարէզին վերջին մրցումը, երբ անոր կազմը «Քալչիօ»-ի 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումին 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Ճենովայի դէմ, հանդիսացաւ Իտալիոյ փոխախոյեան: «Օլիմփիքօ» մարզադաշտէն դուրս գալու միջոցին 40 տարեկան Թոթթի չկրցաւ զսպել իր արցունքները: Թոթթի ֆութպոլիստի իր ամբողջ ասպարէզին եղած է Ա. Էս. Ռոմայի հետ` անոր շապիկը...
2011/03/04 – 2014/12/31