Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեանի հրամանագիրով, յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան եւ աշխարհի ախոյեանութեան բազմակի մրցանակակիր Ռոման Ամոյեան նշանակուեցաւ նախարարի խորհրդական:
Շնորհակալութիւն յայտնելով նախարար Ռոստոմեանին` իր նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան համար, Ամոյեան ըսաւ, որ պիտի աշխատի տալով իր առաւելագոյնը եւ իր ունեցած բոլոր գիտելիքները պիտի ծառայեցնէ հայկական մարզաշխարհին զարգացման: