Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Եուվենթուս պայմանագրութիւն մը ստորագերց «Ալիանց» ապահովագրական ընկերութեան հետ` անոր վաճառելով մարզադաշտին անուանման իրաւունքը:
1 յուլիս 2017-էն սկսեալ յառաջիկայ վեց տարեշրջաններուն ընթացքին Թորինոյի մէջ գտնուող «Եուվենթուս» մարզադաշտը պիտի սկսի կոչուիլ` «Ալիանց» մարզադաշտ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
«Ալիանց» անուանումը կը կրէ նաեւ Պայէրն Միւնիխի դաշտը:
«Ալիանց» անունով 5 մարզադաշտեր կան նաեւ Սիտնիի, Լոնտոնի, Նիսի, Վիեննայի եւ Սան Փաուլոյի մէջ:
Եուվենթուսի մարզադաշտը, որ կառուցուած է 2011-ին կրնայ հիւրընկալել` 41,507 հանդիսատես:



