Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական ճակատումին, Պէյրութ 3-0 արդիւնքով գերազանցելէ ետք Անթունիէն, հանդիսացաւ Բ. դասակարգի ախոյեան եւ բնականաբար ապահովեց Ա. դասակարգի իր տոմսը:
Հակառակ ասոր սակայն, Անթունիէ ցարդ յոյս ունի բարձրանալու Ա. դասակարգ` նկատի ունենալով փլէյ-օֆի մրցումներ ունի կատարելիք Ա. դասակարգի կազմերէն Հուփսի դէմ:
Անոնց միջեւ առաջին ճակատումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 5 յունիսին, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, Միշել Մըրի համալիրին մէջ:
Երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 7 յունիսին, Անթունիէի դաշտին վրայ, իսկ երրորդ մրցումը (դարձեա՛լ երեկոյեան ժամը 21:00-ին), ուրբաթ, 9 յունիսին, Հուփսի դաշտին վրայ: