Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գոռ Մալաքեան, որ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը չկրցաւ բերել երէկ Սենթ Քիթց Էնտ Նեւիսի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին, պիտի բացակայի նաեւ 10 յունիսին Մոնթենեկրոյի դէմ կատարուելիք մրցումէն ալ, որ կ՛իյնայ 2018-ի Մոնտիալի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքին համաձայն, հաւաքականին բժշկական անձնակազմը կը յուսար, որ ան կ՛ապաքինի մինչեւ Մոնթենեկրոյի դէմ տեղի ունենալիք մրցումը, բայց բժշկական քննութիւնները ցոյց տուին, որ ֆութպոլիստին ամբողջական ապաքինման համար անհրաժեշտ է յաւելեալ ժամանակ:
Նշենք, որ վնասուածքի պատճառով հաւաքական չեն հրաւիրուած նաեւ Գէորգ Ղազարեան, Դաւիթ Մանոյեան եւ Յովհաննէս Համբարձումեան, իսկ Վարազդատ Հարոյեան չի կրնար մասնակցիլ` կախակայուած ըլլալուն համար: