«Էն.Պի.Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական առաջին ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի եւ Քլիվլենտ Քաւալիրզի միջեւ, աւարտեցաւ Ուորիըրզի յաղթանակով` 110-89 արդիւնքով (30-35, 22-25, 20-33 եւ 17-17):
Երէկուան այս մրցումին երեք մարզիկներ տապըլ-տապըլ իրագործեցին: Ուորիըրզէն տապըլ-տապըլ-ի հեղինակ դարձաւ Սթեֆըն Քերի (28 կէտ, 10 էսիսթ), իսկ Քաւալիրզէն` Քեւին Լովէ (15 կէտ, 21 ռիպաունտ) եւ Լեպրոն Ճէյմս (28 կէտ, 15 ռիպաունտ):
Նշենք, որ մրցումին լաւագոյն մարզիկներէն մէկը հանդիսացաւ Քեւին Տիւրընթ (Ուորիըրզէ), որ նշանակեց 38 կէտ, 8 ռիպաունտ, 8 էսիսթ: