«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2017-2018 տարեշրջանը այսօր կը հասնի իր աւարտին, երբ տեղի կ՛ունենայ աւարտական ճակատումը` Սպանիոյ ախոյեան Ռէալ Մատրիտի եւ Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուսի միջեւ:
Մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Սպանական «Մարքա» հանրածանօթ օրաթերթը իր հրապարակած լուրերէն մէկուն մէջ հաղորդեց, որ Ռէալ Մատրիտ իւրաքանչիւր ֆութպոլիստի խոստացած է 1,5 միլիոն եւրօ նուէր, այն պայմանով սակայն, որ խումբը տիրանայ տիտղոսին:
Նախորդ տարեշրջանին Ռէալի ֆութպոլիստները ստացած էին 700 հազարական եւրօ պարգեւ:
Պարգեւի գումարին յաւելումը կապուած է այն հանգամանքին հետ, որ եթէ Ռէալ տիրանայ տիտղոսին, «Չեմփիընզ-լիկ»- ֆութպոլի պատմութեան մէջ պիտի հանդիսանայ առաջին խումբը, որ տիտղոսին կը տիրանայ յաջորդական երկու տարիներու ընթացքին:
Նշենք նաեւ, որ արքայական ակումբը, յաղթանակի մը պարագային խումբին մարզիչներուն եւ աշխատակիցներուն յատկացուցած է 32 միլիոն եւրօ պարգեւավճար:
Անոր փոխարէն Եուվենթուսի նախագահ Անտրէա Անիելլի, յաղթանակի համար խումբին 26 ֆութպոլիստներուն իւրաքանչիւրին խոստացած է 350 հազար եւրօ պարգեւավճար:
Յայտնենք, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Քարտիֆի մէջ (Կալես):