Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ նշանակուեցաւ Խորխէ Սամփաուլի, որ մինչեւ 2022 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ:
57 տարեկան Սամփաուլիի մասին կը խօսուէր նախորդ ապրիլէն ի վեր, սակայն նկատին ունենալով, որ ան իր տարեշրջանը չէր աւարտած «Լա Լիկա»-ի կազմերէն Սեւիլլայի հետ, ամէն ինչ կը մնար սպասողական վիճակի մէջ:
Անոր նախորդը` Կերարտօ Մարթինօ, նախորդ յուլիսին հրաժարած էր, որմէ ետք խումբը ունեցած էր ժամանակաւոր մարզիչ մը` Էտկարտօ Պաուզա, որ իր կարգին պաշտօնազրկուած էր:
Այժմ Սամփաուլի քիչ մը դժուար առաքելութիւն մը ունի կատարելիք, որովհետեւ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի Մոնտիալին Արժանթինի յոյսերը չնչին են:
Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի աւարտէն 4 հանգրուան առաջ, Արժանթին այժմ 22 կէտով կը գրաւէ 5-րդ դիրքը:
Պրազիլ, որ արդէն իսկ ապահոված է իր տոմսը (33 կէտ), կը գրաւէ առաջին դիրքը մինչ անոր ետին են Քոլոմպիա (24), Ուրուկուէյ եւ Չիլի (23-ական):
Արժանթին 31 օգոստոսին Մոնթեվիտէոյի մէջ պիտի մրցի Ուրուկուէյի դէմ, ապա պիտի հիւրընկալէ Վենեզուելան եւ Փերուն, իսկ իր վերջին մրցումին հիւրը պիտի ըլլայ Էքուատորի:
Նշենք, որ Սամփաուլի Արժանթինի հետ իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 9 յունիսին, երբ Մելպուռնի մէջ (Աւստրալիա) ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցի Պրազիլի դէմ: