Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչներուն շարքին իր 3-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց, միջազգային ողիմպիականներու կրկնակի ախոյեան, նախկին Խորհրդային Միութեան վերջին ախոյեանը` Արտաշէս Մինասեան:
3-րդ հանգրուանին 50 տարեկան կրանտմասթըրը սեւ քարերով յաղթեց իտալացի Տանիելէ Վոքաթուրոյի: Ան 8 այլ ճատրակ խաղացողներու հետ կը բաժնէ 1-9-րդ դիրքերը:
Յովհաննէս Գաբուզեան երկու յաղթանակներէ ետք հաւասարութիւն մը արձանագրելով հեռացաւ յառաջատարներէն եւ այժմ կը բաժնէ 10-56-րդ դիրքերը:
Զաւէն Անդրիասեան, Հայկ Մարտիրոսեան, Արման Փաշիկեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Տիգրան Յարութիւնեան, Արման Միքայէլեան եւ Գէորգ Յարութիւնեան` ապահոված են 2-ական կէտ: