Ռոնալտօ Չինաստանէն Կը Ստանայ 200 Միլիոն Եւրօ Արժողութեամբ Առաջարկ Մը
Սպանական «ԱՍ» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, որ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյով հետաքրքրուող ակումբներուն թիւը հետզհետէ կը սկսի բազմանալ: Սպանական աղբիւրին համաձայն, չինական ակումբ մը, որուն անունը ցարդ չէ յայտարարուած, փորթուգալցիին փոխանցման համար պատրաստ է վճարելու 200 միլիոն եւրօ: Ասկէ բացի, ֆութպոլիստին կ՛առաջարկուի նաեւ տարեկան 120 միլիոն եւրոյի աշխատավարձ մը: Եթէ վերոնշեալ երկու առաջարկները իրականանան, ֆութպոլի պատմութեան մէջ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահը պիտի հաստատէ մրցանիշ...
