Երէկ` ուրբաթ, 9 յունիսին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը հասան Փոտկորիցա (Մոնթենեկրօ): Այսօր ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Հայաստանի հաւաքականը կը մրցի դաշտին տիրոջ դէմ` 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ (Ե. խմբակ):
Երէկ, Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեան, իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ այս մրցումին:
Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Թէեւ երթի մրցումին յաղթեցինք մեր այսօրուան մրցակիցին, բայց այս ճակատումը այդքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ, որովհետեւ Մոնթենեկրօ զօրաւոր կազմ մը ունի:
«Մրցումին նախօրեակին ունինք երկու վիրաւոր մարզիկներ` Գէորգ Ղազարեան եւ Յովհաննէս Համբարձումեան: Սակայն հակառակ անոնց վիրաւոր ըլլալուն, անոնք մեզի հետ մեկնեցան:
«Թէեւ Հենրիխ Մխիթարեանի վերադարձէն ետք կրցանք յաղթել երկու մրցումի, բայց չեմ կարծեր, որ մրցումը կախեալ է միայն Մխիթարեանէն: Ան մեծ ֆութպոլիստ մըն է, բայց եթէ չըլլան միւս տասը, ինչպէս կ՛ըսեն` «մէկը դաշտին վրայ զինուոր չէ»: Հենրիխը խումբին պէտք է, իսկ խումբը` Հենրիխին:
«Կու գամ ըսելու, որ պատրաստ ենք այս մրցումին»: