Պէյթ Մերիի քաղաքապետութիւնը` գործակցութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի դասական ինքնաշարժներու յանձնախումբին, կը կազմակերպէ դասական ինքնաշարժներու ցուցադրական յատուկ օր, կիրակի, 18 յունիսին, Պէյթ Մերիի Տէյր Ալհա հրապարակին շուրջ:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել բոլոր անոնք, որոնք ունին դասական ինքնաշարժներ:
Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն իրենց անունները արձանագրել, պէտք է կապ հաստատեն «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի հետ, առաւելագոյնը մինչեւ երկուշաբթի, 12 յունիս: