Սպանական «ԱՍ» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, որ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյով հետաքրքրուող ակումբներուն թիւը հետզհետէ կը սկսի բազմանալ:
Սպանական աղբիւրին համաձայն, չինական ակումբ մը, որուն անունը ցարդ չէ յայտարարուած, փորթուգալցիին փոխանցման համար պատրաստ է վճարելու 200 միլիոն եւրօ:
Ասկէ բացի, ֆութպոլիստին կ՛առաջարկուի նաեւ տարեկան 120 միլիոն եւրոյի աշխատավարձ մը:
Եթէ վերոնշեալ երկու առաջարկները իրականանան, ֆութպոլի պատմութեան մէջ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահը պիտի հաստատէ մրցանիշ մը:
Նշենք, որ նախապէս լուրեր շրջան կ՛ընէին, թէ Փարիզ Սեն Ժերմեն, Մոնաքօ եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ Ռոնալտոյի համար պատրաստ են վճարելու 180 միլիոն եւրօ: