Մարզական

Ռանիերի Պիտի Գլխաւորէ Նանթը

Goal.com կայքը կը տեղեկացնէ, որ անգլիական Լայսթըր Սիթիի նախկին գլխաւոր մարզիչ Քլաուտիօ Ռանիերի պիտի վերադառնայ Ֆրանսա եւ գլխաւորէ Նանթը: Նախքան Անգլիա տեղափոխուիլը, Ռանիերի եղած է Մոնաքոյի մարզիչ: Ան պիտի փոխարինէ Սերճիօ Քոնսէյքաոն, որ լքեց Նանթը, որուն հետ նախորդ տարեշրջանը աւարտեց 7-րդ դիրքին վրայ:

Ասիոյ Ֆութպոլի 2019-ի Բաժակի Մրցաշարք. Այսօր` Մալեզիա – Լիբանան

Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ նախորդ շաբաթավերջին հասաւ Մալեզիա, այսօր` երեքշաբթի, 13 յունիսին, կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք Մալեզիոյ ազգային խումբին դէմ` վերջինիս դաշտին վրայ: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 16:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով, ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի «Էն. Պի. Էն.» եւ «Էլ. Պի.-2» պատկերասփիւռի կայաններէն: Այս մրցումը կ՛իյնայ Ասիոյ ֆութպոլի 2019-ի բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, որոնց աւարտական հանգրուանը տեղի...

Սամուէլ Գէորգեան. «Թուրք Իրաւարարը Հայաստանի Ճամբան Փակեց Դէպի Յաղթանակ»

«Նիուզ» կայքի մարզական բաժինի թղթակիցին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին, Թիֆլիսէն Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի նախագահ, յունահռոմէական ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի մարզիչ Սամուէլ Գէորգեան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Այն ինչ որ տեղի ունեցաւ Վրաստանի մէջ, իրաւարարներուն կողմէ կանխամտածուած էր: Գլխաւոր իրաւարարը, որ թուրք էր, ուզեց մեր մարզիկին` Արթուր Ալեքսանեանին վատութիւն ընել եւ կրցաւ ատիկա իրագործել: «Ատոր ի տես ծագեցաւ կռիւ մը, որուն պատճառով...

«Նորուէյ Չես-2017». Արոնեան Յաղթեց Քրամնիքին Եւ Գրաւեց Առաջին Դիրքը

Արոնեանի կատարած երէկուան ճակատումէն Նորվեկիոյ Սթաւանկեր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Նորուէյ Չես-2017» գերմրցաշարքի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ ճակատեցաւ ռուս Վլատիմիր Քրամնիքի դէմ, կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց: Հայկական ճատրակի յառաջատարը, որ իր այս յաղթանակը արձանագրեց 34-րդ շարժումին` ապահովելով մրցաշարքի իր չորրորդ կէտը, գրաւեց դասաւորման առաջին դիրքը: 7-րդ հանգրուանին` վաղը, Արոնեան սեւ քարերով կը մրցի Սերկէյ...

Էմիլ Ռըսթոմ Նշանակուեցաւ Անսարի Մարզիչ

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի կազմերէն, Լիբանանի ֆութպոլի 2016-2017 տարեշրջանի բաժակակիր Անսար ակումբին հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ լիբանանեան շարք մը այլ ակումբներու մարզիչը եղած Էմիլ Ռըսթոմ նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ: Ռըսթոմի ներկայացումը կատարուեցաւ Անսարի նախագահ Նեպիլ Պատըրի գրասենեակին մէջ: Անոր պիտի օգնէ մարզիչ Սեմի Շում, մինչ բերդապահներու մարզիչը պիտի ըլլայ Ալի Ֆաքիհ: Վերջինս նախապէս...

3-5 Յուլիսին Ժամհուր Ակումբին Փինկ Փոնկի Տարեկան Մրցաշարքը

Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին ու «Փաթրիք Ասսաֆ» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, 3-5 յուլիսին Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ անոր 13-րդ մրցաշարքը: Տեղի պիտի ունենան տարբեր տարիքի եւ դասակարգի մրցումներ: Մրցումները կը սկսին կէսօրէ ետք ժամը 16:30-ին եւ կ՛աւարտին երեկոյեան ժամը 21:00-ին: Կազմակերպիչները յայտնեցին, թէ այն մարզիկը, որ 15 վայրկեանէն աւելի կ՛ուշանայ, կը նկատուի պարտուած: Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած...

Լուէյզի Ակումբին Տարեկան Հանդիսութիւնը

Լուէյզի Ակումբին Տարեկան Հանդիսութիւնը

Լուէյզի Զուք Մոսպեհ ակումբը «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի մէջ կատարեց իր տարեկան հանդիսութիւնը` յատուկ հրաւիրեալներու եւ անձնաւորութիւններու ներկայութեան: Լուէյզի ակումբի նախագահ հայր Շարպել Հատտատ իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով Լուէյզի իր շուրջ կը համախմբէ իրենց սիրելի անձերն ու միութիւնները եւ անոնց հետ կը տօնէ իր կատարած նուաճումներուն յաջող տարեշրջանը: Ան ըսաւ, որ շուտով տեղի պիտի ունենայ Լուէյզիի...

Ռիտա Անթարի Հրաժեշտի Մրցումը Սուրէն Փոխադրուեցաւ Սայտա

4 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Ռիտա Անթարի հրաժեշտի մրցումը: Ինչպէս ծանօթ է, այդ մրցումին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Պարսելոնայի սպանացի աստղ Ժերար Փիքէ: Մրցումին կազմակերպիչները յայտարարեցին, որ ֆութպոլասէր համակիրներուն փափաքին ընդառաջելով, մրցումին վայրը փոփոխութիւն կրեց: Ուստի, փոխան Սուրի քաղաքապետարանի դաշտին անիկա տեղի պիտի ունենայ Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, որ աւելի շատ համակիրներ կրնայ...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած բոլոր մրցումներուն արդիւնքները: Նկատի ունենալով, որ Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. եւ Բ. խմբակներու մրցումները աւարտեցան, Հարուֆ (Ա. խմբակ) եւ Շապապ Պըրժ (Բ. խմբակ) բարձրացան Գ. դասակարգ: Ճշդելու համար Դ. դասակարգի ախոյեանին անունը, վերոնշեալ երկուքին միջեւ շաբաթ, 17 յունիսին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին տեղի պիտի ունենայ մրցում մը, Ահտի...

Թենիսի Նոր Դասաւորում. Նատալ Բարձրացաւ 2-րդ Դիրք, Իսկ Կարէն Խաչանով` 39-րդ

Հալեփ Չկրցաւ Գրաւել Առաջին Դիրքը Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց տղոց եւ աղջկանց նոր դասաւորումը` բնականաբար հիմնուելով «Ռոլան Կարոս»-ի արդիւնքներուն վրայ: Տիտղոսակիր Ռաֆայէլ Նատալ (Սպանիա) բարձրացաւ 2-րդ դիրք` գրաւելով սերպ Նովաք Ճոքովիչի դիրքը: Ռուսահայ Կարէն Խաչանով զգալի վերելք մը արձանագրեց, երբ 53-րդ դիրքէն բարձրացաւ 39-րդ դիրք: Աղջկանց պարագային ռումանացի Սիմոնա Հալեփ չկրցաւ գրաւել պարագլուխի դիրքը, բայց 4-րդ դիրքէն բարձրացաւ 2-րդ...

2018-ի Մոնտիալ.  Զուիցերիա Եւ Գերմանիա` Ցարդ Անպարտելի

2018-ի Մոնտիալ. Զուիցերիա Եւ Գերմանիա` Ցարդ Անպարտելի

Հայաստանի Յաջորդ Մրցակիցը` Ռումանիա Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան 2018-ի մոնտիալի զտումի բազմաթիւ ճակատումներ` Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ: Նախ եւ առաջ Զուիցերիա եւ Գերմանիա հանդիսացան այն միակ խումբերը, որոնք արձանագրեցին իրենց վեցերորդ յաջորդական յաղթանակները` ապահովելով առաւելագոյն 18 կէտերը: Ցարդ առանց յաղթանակի են Լիւքսամպուրկ, Սան Մարինօ, Վրաստան, Մոլտովա, Ղազախստան, Մալթա, Լիխթնշթայն, Ճիպրալթար, Ֆինլանտա եւ Քոսովօ: Սան Մարինօ, Մալթա, Լիխթնշթայն եւ Ճիպրալթար ցարդ ոչ...

2018-ի Մոնտիալ. Իրան Հանդիսացաւ Առաջին Խումբը, Որ Ապահովեց Ռուսիոյ Իր Տոմսը

Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Իրան 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր հիւրին` Ուզպեքիստանին, հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ ապահովեց Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք աւարտականներուն իր տոմսը:

Քափելլօ` Չինական Ժիանկսու Սանինկի Մարզիչ

Իտալացի փորձառու մարզիչ Ֆապիօ Քափելլօ նախորդ շաբաթավերջին նշանակուեցաւ չինական Ժիանկսու Սանինկ ֆութպոլի խումբին մարզիչ: 70 տարեկան Քափելլօ, որ 1,5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ, տարեկան պիտի ստանայ 10 միլիոն եւրօ աշխատավարձ, յայտնեց «Քորիերէ Տելլօ Սփոր»: Չինաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ այդ կազմը 8 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 15-րդ դիրքը: Քափելլօ իր նոր կազմին հետ...

ՖԻՊԱ. Ասիոյ Աղջկանց Բաժակի Պասքեթպոլի Մրցաշարք. Լիբանանի Մրցակիցները` Սինկափուր, Ղազախստան Եւ Ֆիժի

23-29 յուլիս 2017-ին Պենկալուրուի մէջ (Հնդկաստան) տեղի պիտի ունենան «ՖԻՊԱ-ի աղջկանց պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի Բ. դասակարգի մրցումները: Լիբանան, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Սինկափուրը, Ղազախստանը եւ Ֆիժին: Ա. խմբակին մէջ են Սրի Լանքա, Հնդկաստան եւ Ուզպեքիստան: Լիբանան յաջորդաբար պիտի մրցի` Ղազախստանի (23 յուլիս), Ֆիժիի (24 յուլիս) եւ Սինկափուր (25 յուլիս) դէմ: 26 յուլիսը հանգիստի օր...

2018-ի Մոնտիալ. Հայաստան Կրեց Իր Առաջին Պարտութիւնը` Արթուր Պետրոսեանի Գլխաւորութեամբ

Շաբաթ, 10 յունիսին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ հիւրը եղաւ Մոնթենեկրոյի (2018-ի մոնտիալ), կրեց իր առաջին պարտութիւնը` գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ (4-1 արդիւնքով), յաջորդական երեք յաղթանակներէ ետք: Մրցումին 2-րդ վայրկեանին իսկ հիւրընկալ կազմը նշանակեց իր առաջին կոլը` շնորհիւ Ֆաթոս Պեսիրաժի, իսկ անոր խմբակից Սթեւան Ժովեթիչ դարձաւ հեթրիքի հեղինակ (28-րդ, 54-րդ եւ 82-րդ): Մրցումին աւարտէն ճիշդ մէկ վայրկեան առաջ, Ռուսլան...

«Նորուէյ Չես». Լեւոն Արոնեան Յաղթեց Մակնիւս Քարլսընին

Նորվեկիոյ Սթաւանկեր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Նուրուէյ Չես» ճատրակի միջազգային գերմրցաշարքի 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան յաջորդական երեք հաւասարութիւններէ ետք ի վերջոյ յաջողեցաւ արձանագրել մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը, եւ այդ մէկը աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսընի դէմ: Քարլսըն, որ կը մրցէր սեւ քարերով, 35-րդ շարժումին ընդունեց իր պարտութիւնը: Արոնեան, որ այս յաղթանակը արձանագրեց շաբաթ, 10 յունիսին, երէկ`...

«Ռոլան Կարոս»-ը Հասաւ Իր Աւարտին.  Օսթափենքօ Եւ Նատալ Տիտղոսակիր` Փարիզի Մէջ

«Ռոլան Կարոս»-ը Հասաւ Իր Աւարտին. Օսթափենքօ Եւ Նատալ Տիտղոսակիր` Փարիզի Մէջ

Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող «Ռոլան Կարոս»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը երէկ` կիրակի, 11 յունիսին հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ տղոց աւարտական ճակատումը: Նախանցեալ օր տեղի ունեցած աղջկանց աւարտական ճակատումին, Ելենա Օսթափենքօ (Լաթվիա) ստեղծեց մեծ անակնկալը, երբ յաղթեց 3-րդ դասուած ռումանացի Սիմոնա Հալեփի` 4-6, 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով: 20 տարեկան Օսթափենքօ, որ այս մրցաշարքին նոյնիսկ դասուած մարզիկներուն մէջ...

Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւն. Հրանդ Մելքումեան Ձեռք Ձգեց Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին Մասնակցելու Իրաւունք

Շաբաթ, 10 յունիսին, Մինսքի մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութիւնը: Ախոյեան հանդիսացաւ ռուս Մաքսիմ Մաթլաքով, որ լրացուցիչ ցուցանիշներով գերազանցեց նոյնքան կէտ (8,5) ապահոված Պաատուր Ջոպաւան (Վրաստան) եւ Վլատիմիր Ֆետոսէեւը (Ռուսիա), որոնք յաջորդաբար գրաւեցին երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը: Հայաստանի 19 ներկայացուցիչներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքները ձեռք ձգեցին Հրանդ Մելքումեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Հայկ Մարտիրոսեան եւ Արամ Յակոբեան, որոնք...

Ըմբշամարտ. Թիֆլիսի Միջազգային Մրցաշարք. Ֆրանգուլեան Տիտղոսակիր. Ալեքսանեան Կրեց Անարդար Պարտութիւն Մը

Արթուր Ալեքսանեան Շաբաթ, 10 յունիսին, Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) սկսած ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքին առաջին օրը, հայրենի ըմբիշները տիրացան ոսկի, արծաթ եւ պրոնզ մետալներու: Առաջին օրը մրցասպարէզ դուրս եկան 57, 65, 74 եւ 97 քիլոկրամ կշիռքի ազատ ոճի ըմբիշները եւ 59, 71, 80 եւ 98 քիլոկրամ կշիռքի յունահռոմէական ոճի ըմբիշները: 65 քկ դասակարգին մէջ, Վալոդիա Ֆրանգուլեան տիրացաւ ոսկի մետալի, իսկ Նարեկ Սիրունեան`...

«Էն. Պի. Էյ.». Քաւալիրզի Տպաւորիչ Յաղթանակը Ուորիըրզի Դէմ (137-116) Եւ Հաստատած Նոր Մրցանիշը

Լեպրոն Ճէյմս «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտականի չորրորդ մրցումին, Քլիվլենտ Քաւալիրզ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը: Առաջին երեք մրցումներուն պարտուած եւ 3-0 արդիւնքով ետ մնացած Քաւալիրզ ամէն գնով յաղթանակի մը կարիքը ունէր, այլապէս Ուորիըրզ պիտի հռչակուէր ախոյեան, եթէ արձանագրէր իր չորրորդ յաղթանակը: Սակայն Քաւալիրզ բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով 137-116 արդիւնքով (33-49, 35-37, 28-29 եւ 20-22) յաղթեց...

Page 967 of 1277 1 … 966 967 968 … 1,277

Արխիւներ