Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին քաշային կարգի «Տապլիու. Պի. Օ.»-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ յարգեց Լոնտոնի կամուրջին ահաբեկչութեան զոհերուն յիշատակը:
37 տարեկան կռփամարտիկը, ծաղիկներ զետեղեց ահաբեկչութեան վայրին մօտ:
Աբրահամ Լոնտոն մեկնեցաւ` նկատի ունենալով, որ հոն ճակատում մը ունի կատարելիք անգլիացի Քրիս Եուպենքի դէմ:
Ան Լոնտոնի «Ուեմպլի» մարզադաշտին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ իր մրցակիցին հետ եւ անոր հետ կնքեց պայմանագիր մը:
Աբրահամի եւ 27 տարեկան Եուպենքի միջեւ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ 15 յուլիսին` «Ուեմպլի»-ի մէջ:
Յաղթականը պիտի հանդիսանայ «Այ. Պի. Օ.»-ի վարկածով աշխարհի ախոյեան: Այս տիտղոսը ներկայիս կը պատկանի Քրիս Եուպենքի:
3 յունիսին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած այդ ահաբեկչութեան պատճառով սպաննուեցան 7 անձեր, մինչ 48 ուրիշներ վիրաւորուեցան: