
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական երրորդ ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ, երբ Քլիվլենտ Քաւալիրզ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ:
Ուորիըրզ, որ առաջին երկու մրցումներուն իր դաշտին վրայ երկու յաղթանակ արձանագրած էր, երէկ եւս այլ յաղթանակ մը արձանագրելով 3-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը եւ այժմ միայն յաղթանակի մը պէտք ունի` հանդիսանալու համար «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան:
Երէկուան այս մրցումը աւարտեցաւ 118-113 արդիւնքով (39-32, 28-29, 22-33 եւ 29-19):
Ուորիըրզէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Սթեֆըն Քարի (26 կէտ, 13 ռիպաունտ), մինչ անոր խմբակից Քեւին Տիւրանթ նշանակեց 31 կէտ եւ 8 ռիպաունտ:
Իսկ Քլիվլենտէն Լեպրոն Ճէյմս բաւական մօտ էր թրիփըլ տապըլ մը իրագործելու, բայց ան տապըլ-տապըլի հեղինակ դարձաւ (39 կէտ, 11 ռիպաունտ). ան պէտք ունէր միայն մէկ էսիսթի:
Անոր խմբակից Քիրի Ըրվինկ, նշանակեց 38 կէտ: