Նորվեկիոյ Սթաւանկեր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Նորուէյ Չես» ճատրակի գերմրցաշարքին 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ կը մրցէր ճերմակ քարերով, արձանագրեց իր 3-րդ յաջորդական հաւասարութիւնը, այս անգամ` հոլանտացի Անիշ Կիրիի հետ: Կողմերը 53-րդ շարժումին համաձայնեցան հաւասարութեամբ աւարտել այս հանդիպումը:
Այսօր` ուրբաթ, 9 յունիսին, հանգիստի օր է:
Վաղը` շաբաթ, 10 յունիսին, Արոնեան ճերմակ քարերով կը մրցի աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսընի դէմ (4-րդ հանգրուան):



