Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պենեւենթօ, իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Քարփիի դէմ, դարձի մրցումին (երթ` 0-0), ապահովեց Ա. դասակարգ բարձրանալու իր տոմսը:
Անիկա իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մաս պիտի կազմէ «Քալչիօ»-ին:
Պենեւենթոյի հետ «Քալչիօ»-ի 2017-2018 տարեշրջանին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ երկու այլ կազմեր (Բ. դասակարգէն)` Վերոնա եւ ՍՓԱԼ:
Իսկ երեք խումբեր` Փեսքարա, Փալերմօ եւ Էմփոլի, «Քալչիօ»-էն փոխադրուեցան Բ. դասակարգ:



