Մարզական

Մուայ-Թայ. Թուրք Մարզիկը Հրաժարեցաւ Արմէն Գրիգորեանի Դէմ Մենամարտ Կատարելէ

14 յունիսին Հայաստանի Մուայ Թայի ֆետերասիոնի մարզիկ Գոռ Նազարեան (60 քկ) պիտի մասնակցի Լիփեցք քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք «Style gight» արհեստավարժ մենամարտին: Այս մենամարտին պէտք էր մասնակցէր նաեւ Արմէն Գրիգորեան, սակայն անոր մրցակից թուրք մարզիկը հրաժարեցաւ մենամարտը կատարելէ: Յայտնենք, որ այս մենամարտէն ետք Գոռ Նազարեան պիտի մասնակցի նաեւ յուլիսին տեղի ունենալիք «W-5» արհեստավարժ մենամարտին:

Աշխարհի Երիտասարդական Ծանրաբարձութեան Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականին Կազմը Հրապարակուեցաւ

15 յունիսին Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ կը սկսի աշխարհի երիտասարդական ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան: Այս ախոյեանութեան Հայաստանը կը ներկայացնեն Սոնա Պօղոսեան (75 քկ), Արփինէ Դալալեան (75 քկ եւ վեր), Սիմոն Մարտիրոսեան (105 քկ եւ վեր), Սամուէլ Գասպարեան (105 քկ), Յակոբ Մկրտչեան եւ Դաւիթ Յովհաննիսեան (երկուքն ալ` 85 քկ): Այս տեղեկութիւնը հաղորդեցին Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին...

Պասքեթպոլ. Եւրոպայի Գ. Դասակարգի Տղոց Ախոյեանութիւն. Հայաստանի 18 Տարեկանէն Վար Հաւաքականին Կազմը Յստակացաւ

4-9 յուլիսին Նիկոսիոյ մէջ (Կիպրոս) տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի 18 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութիւնը, յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այս ախոյեանութեան, Հայաստան զտումի մրցումներուն իրեն մրցակից պիտի ունենայ Քոսովոն, Նորվեկիան եւ Կիպրոսը: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Եղիշ Դաւթեան երէկ հրապարակեց իր կազմը, որ կը բաղկանայ հետեւեալ մարզիկներէն. Ալեքս Իսկենտերեան (Լոս Անճելըս, Միացեալ Նահանգներ), Գէորգ Յովհաննիսեան (Մոսկուա, Ռուսիա), Զաքար...

Հայաստանի Ազատ Ոճի Ըմբշամարտի Հաւաքականին Մարզիկները` «UWW»-ի Վարկանշային Ցանկերուն Մէջ

Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը («UWW») հրապարակեց ազատ ոճի ըմբիշներուն միջազգային նոր դասաւորումը: Այդ ցանկին մէջ են Հայաստանի երեք ներկայացուցիչներ, որոնք նախորդ ամիս պրոնզէ մետալի տիրացան Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան ընթացքին: 61 քկ դասակարգին մէջ Վոլովիա Ֆրանգուլեան 16-րդն է, Գրիգոր Գրիգորեան (74 քկ)` 12-րդ, իսկ Լեւոն Բերիանիցէ (125 քկ)` 6-րդ:  

Ալլեկրի Մինչեւ 2020 Պիտի Մնայ Եուվենթուսի Հետ

Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուսի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը իր մարզիչին` Մասիմիլիանօ Ալլեկրիի հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 2020: Խումբին հետ 49 տարեկան Ալլեկրիի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտէր յուլիսին: Ան 16 յուլիս 2017-ին նշանակուեցաւ Եուվենթուսի մարզիչ: Անոր հետ խումբը վերջին երեք տարեշրջաններուն յաջորդաբար երեք անգան դարձաւ Իտալիոյ ախոյեան եւ Իտալիոյ բաժակակիր, 2015-ին տիրացաւ Իտալիոյ գերբաժակի տիտղոսին, իսկ 2015-ին եւ...

Օպամեյանկը` Դէպի Փարիզ Սեն Ժերմե՞ն

Գերմանական «Պիլտ»-ի համաձայն, Պորուսիա Տորթմունտի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ շատ հաւանաբար միանայ Փարիզ Սեն Ժերմենին: Կը նշուի, որ մայրաքաղաքի կազմը 27 տարեկան ֆութպոլիստին հետ 4 տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ, տարեկան 14 միլիոն եւրօ աշխատավարձով մը: Անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 70 միլիոն եւրոյով, բայց այդ գումարը կրնայ քիչ մը կրճատուիլ, եթէ Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Ժան-Քեւին Օկիւսթէն մեկնի հակառակ ուղղութեամբ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անթունիէ Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ. Հուփս Փոխադրուեցաւ Բ. Դասակարգ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ Անթունիէ - Հուփս երկրորդ մրցումը, որ կ՛իյնայ Ա. եւ Բ. դասակարգերու փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ: Անթունիէ, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրած էր Հուփսի դաշտին` Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ, երէկ եւս յաղթանակ մը արձանագրեց 77-73 արդիւնքով: Իր արձանագրած այս երկրորդ յաղթանակին շնորհիւ, Անթունիէ բարձրացաւ Ա. դասակարգ, մինչ...

2018-ի Մոնտիալ. Հայաստանի Հաւաքականը Փոտկորիցա Կը Մեկնի Ուրբաթ, 9 Յունիսին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը եւ Հայաստանի ֆութպոլի պատուիրակութիւնը Փոտկորիցա (Մոնթենեկրօ) կը մեկնին ուրբաթ, 9 յունիսի առաւօտուն: Խումբը պիտի հաստատուի Փոտկորիցայի «Հիլթոն Փոտկորիցա Սրնա Կորա» պանդոկին մէջ: 9 յունիսին, Մոնթենեկրոյի ժամանակացոյցով ժամը 18:30-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով` ժամը 20:30-ին), «Կրատսքի» մարզադաշտին մամլոյ ասուլիսներու սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեանի մամլոյ ասուլիսը: Նոյն օրը, ժամը 19:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով`...

Թենիս. «Ռոլան Կարոս».  Տիտղոսակիր Ճոքովիչ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Թենիս. «Ռոլան Կարոս». Տիտղոսակիր Ճոքովիչ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Հալեփ Հասաւ Կիսաւարտականին Սթանիսլաւ Վաւրինքա «Ռոլան Կարոս»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի ծիրին մէջ, երէկ տղոց մրցումներուն, 6-րդ դասուած աւստրիացի Տոմինիք Թիեմ մեծ անակնկալ մը ստեղծեց, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց 2-րդ դասուած եւ տիտղոսակիր սերպ Նովաք Ճոքովիչը` արձանագրելով 7-6, 6-3 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ճոքովիչ, որ կը փորձէր յաջորդաբար 7-րդ անգամ ըլլալով հասնիլ կիսաւարտականին, ձախողեցաւ իր առաքելութեան մէջ:...

Հենրիխ Մխիթարեան` «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Եւ «Եուրոփա Լիկ»-ի Ընդհանուր Խորհրդանշական Հաւաքականին Մէջ

Հենրիխ Մխիթարեան` «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Եւ «Եուրոփա Լիկ»-ի Ընդհանուր Խորհրդանշական Հաւաքականին Մէջ

«Տը Սան» ներկայացուց «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքերուն աւարտած տարեշրջաններուն ընդհանուր խորհրդանշական հաւաքականը` անոր մէջ ընդգրկելով նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը: Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած խումբը` Եունայթըտ, տիրացաւ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին: Եւրոպական այս մրցաշարքին, 11 մրցումներու ընթացքին 28 տարեկան հայրենի ֆութպոլիստը, որ նշանակեց 6 կոլ, գերսքանչելի մրցում մը ունեցաւ նաեւ աւարտականին`...

«Չեմփիընզ Լիկ». Ալաշկերտի Հաւանական Մրցակիցները

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացած Ալաշկերտ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 2017-2018 տարեշրջանի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն: Անոր հաւանական մրցակիցները կրնան ըլլալ Նիւ Սենթց (Կալես), Լինֆիլտ (Հիւսիսային Իրլանտա), Վիկինքուր (Ֆարօ կղզիներ), Հիպեռնիընզ (Մալթա) եւ Սանթա Քոլոմա (Անտորրա): Զտումի առաջին երկու հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ 19 յունիսին: Ա. հանգրուանի երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 27-28 յունիսին,...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Ռիտա Անթար Նշանակուեցաւ Ռասինկի Մարզիչ

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ռիտա Անթար Նշանակուեցաւ Ռասինկի Մարզիչ

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերէն Ռասինկ յայտարարեց, թէ իր կազմին նոր մարզիչ նշանակած է Ռիտա Անթարը` 2017-2018 տարեշրջանին համար: Այս յայտարարութիւնը կատարուեցաւ, երբ Ռասինկ երէկ գումարեց իր շաբաթական հերթական ժողովը: Նշենք, որ Անթար հանդիսացաւ առաջին լիբանանցի ֆութպոլիստը, որ մուտք գործեց եւրոպական դաշտերը` մաս կազմելով «Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Ֆրայպուրկի: Ֆութպոլի դաշտերուն վրայ 20 տարի ելոյթ ունենալէ...

Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւն. Հրանդ Մելքումեան Պարտուեցաւ Եւ Զիջեցաւ Յառաջատար Դիրքը

Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ շարունակուող Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Հրանդ Մեքումեան սեւ քարերով պարտուեցաւ անգլիացի Տէյվիտ Հաուըլէն եւ դուրս մնաց յառաջատարներուն շարքէն: Անգլիացի Տէյվիտ Հաուըլ եւ սպանացի Տաւիտ Անթոն Կիխարօ այժմ 6-ական կէտով կը կիսեն առաջին դիրքը: Անոնցմէ կէս կէտով ետ կը մնայ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արման Միքայէլեան, որ կը բաժնէ 3-13-րդ դիրքերը: Ան 7-րդ հանգրուանին ճերմակ...

«Նորուէյ Չես-2017» Լեւոն Արոնեան Մրցաշարքը Սկսաւ Հաւասարութեամբ

Նորվեկիոյ Սթաւանկեր քաղաքին մէջ սկսած «Նորուէյ Չես-2017» ճատրակի միջազգային գերմրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ մրցեցաւ ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանայի դէմ, ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ` 58-րդ շարժումին: Բ. հանգրուանին, հայրենի կրանտմասթըրը կը մրցի (սեւ քարերով) ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրայի դէմ, որ Ա. հանգրուանին յաղթեց հոլանտացի Անիշ Կիրիին: Նշենք, որ նախքան այս գլխաւոր մրցաշարքին սկսիլը, կատարուեցաւ...

Արտա Թուրան Լրագրողի Մը Վրայ Յարձակած Ըլլալուն Պատճառով Հեռացուեցաւ Թուրքիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբէն

Քաթալոնական Պարսելոնայի միջնապահ Արտա Թուրան լրագրողի մը վրայ յարձակած ըլլալուն պատճառով հեռացուեցաւ Թուրքիոյ ֆութպոլի ազգային խումբէն: Մակեդոնիոյ դէմ տեղի ունեցած (0-0) ֆութպոլի բարեկամական մրցումէն վերադառնալու ընթացքին, 30 տարեկան Թուրան օդանաւին մէջ յարձակած է թրքական մարզական լրագրութեան վեթերան Պիլալ Մեշէի վրայ եւ հայհոյալից խօսքեր արտասանած անոր հասցէին: «Հիւրրիյեթ» կը հաղորդէ, որ Թուրան դժգոհ եղած է, որ լրագրողը Եուրօ-2016-էն ետք քանի մը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Անթունիէ – Հուփս Երկրորդ Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 7 յունիսին տեղի կ՛ունենայ Անթունիէ - Հուփս փլէյ-օֆի երկրորդ մրցումը: Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած առաջին ճակատումը, որ կատարուեցաւ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ, աւարտեցաւ Անթունիէ յաղթանակով` 86-72 արդիւնքով: Եթէ պատահի, որ այսօր Անթունիէ յաղթանակ մը եւս արձանագրէ, պիտի բարձրանայ Ա. դասակարգ, մինչ Հուփս պիտի փոխադրուի Բ....

2018-ի Մոնտիալ. Մոնթենեկրօ – Հայաստան Մրցումին Իրաւարարները` Հոլանտայէն

10 յունիսին տեղի ունենալիք Մոնթենեկրօ - Հայաստան մրցումին, որ կ՛իյնայ 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, իրաւարարները պիտի ըլլան Հոլանտայէն, յայտնեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը: Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Քեւին  Պլոմ, մինչ անոր օգնականները` Տէյվ Կուսենս եւ Եան Վրիս: Այս մրցումը, որ կ՛իյնայ Եւրոպայի ցամաքամասի Ե. խմբակի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:...

2018-ի Մոնտիալ. Հայաստանի Հաւաքականը 21 Ֆութպոլիստներով Կը Պատրաստուի

Սենթ Քից Էնտ Նեւիսի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին յաջորդ օրը, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստներուն տրուեցաւ միօրեայ հանգիստ: Երէկ` երեքշաբթի, 6 յունիսին, Արթուր Պետրոսեանի գլխաւորած խումբը սկսաւ իր հաւաքին եւ փորձերուն` Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Երէկ հաւաքականին միացաւ Կամօ Յովհաննիսեան, մինչ Արմէն Համբարձումեան, որ փաստաթղթային խնդիրներ ունի եւ պիտի չկարենայ մասնակցիլ Մոնթենեկրոյի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, լքեց...

Պասքեթպոլ. Լիբանանցի Իրաւարարներ Մեկնեցան Պուլկարիա

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ լիբանանցի իրաւարարներ մեկնեցան Պուլկարիա` յատուկ դասընթացքներու հետեւելու համար, որպէսզի կարենան յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգել: Այդ դասընթացքները տեղի պիտի ունենան 7-13 յունիսին` հսկողութեամբ ՖԻՊԱ-ին: Պուլկարիա մեկնած իրաւարարներն են` Մարուան Աքիքի, Ռոժէ Օպէյտ, Ժորժ Պաաքլինի, Սերճիօ Քասսապ եւ Ամիտ Սարրաֆ: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ լիբանանեան պասքեթպոլի թեքնիք յանձնախումբի պատասխանատու Սուհէյլ Քասսապ:

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի մրցումներուն արդիւնքները: Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ռասինկի հետ: 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ կիրակի, 11 յունիսին իրեն մրցակից պիտի ունենայ Նեպի Շիթը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Շարքի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը...

Page 969 of 1277 1 … 968 969 970 … 1,277

Արխիւներ