Հինգշաբթի, 15 յունիսին, Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Ռասինկ ակումբը իր կեդրոնատեղիին մէջ (Էշրեֆիէ) պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ պիտի գտնուի նաեւ ակումբի պատուոյ նախագահ եւ պետական նախարար Միշել Ֆարաոն:
Ընդհանրապէս պիտի խօսուի Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նոր ընտրութիւններուն մասին եւ պիտի ներկայացուի այդ ընտրութիւններուն մասնակցող ակումբին թեկնածուն` Ժորժ Հաննան, որուն թեկնածութիւնը արդէն իսկ առաջադրուեցաւ նախանցեալ օր: