Երէկ Հայաստանի յունահռոմէական եւ ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականները մեկնեցան Թիֆլիս` իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար մինչեւ 12 յունիս տեղի ունենալիք միջազգային մրցաշարքի մը:
Թիֆլիսի միջազգային այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը չեն բերեր Արսէն Ջուլֆալակեան, Վարշամ Բորանեան եւ Ռաֆայէլ Ալեքսանեան:
Ջուլֆալակեան այս մրցաշարքին չի մասնակցիր որովհետեւ անոր մարզավիճակը այդքան ալ լաւ չէ, մինչ մնացեալ երկուքը վնասուածքներ ունին: