Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակեց յունահռոմէական ոճի ըմբիշներուն նոր դասաւորումը:
«Ռիօ-2016»-ի ողիմպիականի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան, 98 քկ դասակարգին մէջ երկու դիրքի նահանջ մը արձանագրելով, այժմ կը գրաւէ երրորդ դիրքը:
Նախորդ ամիս, Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան, գիւմրեցի ըմբիշը բաւարարուեցաւ պրոնզէ մետալով, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ քուպացի Եասմանի Քափրերա եւ Ալեքսանտր Հրափովիք (Պիելոռուսիա) գերազանցեն զինք:
66 քկ դասակարգին մէջ առաջին դիրքին վրայ յայտնուեցաւ ռուս Արտեոմ Սուրքով, մինչ «Ռիօ-2016»-ի ողիմպիականի փոխախոյեան Միհրան Յարութիւնեան երկրորդ դիրքէն նահանջեց 7-րդ դիրք:
Նշենք, որ վնասուածքի պատճառով Յարութիւնեան ողիմպիականի խաղերէն ետք ոչ մէկ ախոյեանութեան կամ մրցաշարքի մասնակցած է:
71 քկ դասակարգին մէջ, 2016-ի Եւրոպայի ախոյեան Վարշամ Բորանեան կը գրաւէ 17-րդ դիրքը:
75 քկ դասակարգին մէջ, Կարապետ Չալեան 12-րդ է, մինչ Արսէն Ջուլֆալակեան` 16-րդ:
Վերջապէս, 85 քկ դասակարգին մէջ, Մաքսիմ Մանուկեան 15-րդն է: