Լրագրողներուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին, ամերիկաբնակ լեռնագնաց, արշաւող եւ վազող, 42 տարեկան Թելմա Ղազարեան-Ալթունի յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ պիտի վազէ 283 քմ երկարութիւն ունեցող Ուլթրամարաթոնին` Վարդենիսէն դէպի Հատրութ, «Ճանապարհ-Թրէյլ» լեռնային ճամբով:
Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներով շապիկ մը հագած, երկու զաւակներու մայր Թելա Ղազարեան ըսաւ, որ 283 քիլոմեթրը իրեն համար մրցանիշ մը չէ, որովհետեւ ինք յաղթահարած է աւելի երկար տարածութիւններ:
Ուլթրամարաթոնը, որ սկսաւ երէկ, պիտի աւարտի 10 յունիսին:
Ան ըսաւ, որ այս ուլթրամարաթոնին ճամբաները կը սերտէ 2 տարիէ ի վեր:
Ան եզրափակելով նշեց, որ իր կատարած վազքի բոլոր մրցումներուն ընթացքին ալ միշտ կը ներկայացնէ Հայաստանը: