Տոհայի մէջ իր կատարած յատուկ բանակումը ամբողջացնելէ ետք, երէկ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը մեկնեցաւ Ժուհար (Մալեզիա), ուր երեքշաբթի, 13 յունիսին մրցում մը ունի կատարելիք Ասիա-2019-ի բաժակի մրցաշարքին գծով:
Լիբանանի մաս կազմած Բ. խմբակին մէջ են նաեւ Հարաւային Քորէա եւ Հոնկ Քոնկ:
Լիբանանի կազմը գրեթէ առանց վիրաւորներու հեռացաւ Քաթարէն: Միայն Ալի Համմամ թեթեւ վնասուածք մը ստացաւ փորձերու ընթացքին: Ան հանգիստ ընելու համար երէկ վերադարձաւ Պէյրութ:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը գլխաւորող, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ Ուաէլ Շեհայեպ երէկ իր կարգին մեկնեցաւ Ժուհար: