Լոքոմոթիւ Մոսկուայի մարզիչներէն Սարգիս Յովհաննիսեան յաջողութեամբ ամբողջացնելով իր քննութիւնները, ստացաւ մարզիչի «ՓՐՕ» արտօնագիր, յայտնեց ռուսական ակումբին պաշտօնական կայքը:
«ՓՐՕ» արտօնագիր ունեցողները իրաւունք ունին գլխաւոր մարզիչի աշխատանք կատարել եւրոպական որեւէ ակումբի կամ ֆութպոլի որեւէ ազգային խումբի հետ:
Սարգիս Յովհաննիսեան ընդգրկուած է նաեւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեանի մարզիչներու կազմին մէջ: