Երեւան Արցախի Տարբերանշանը
Ինչպէս նախապէս հաղորդեցինք, յառաջիկայ տարեշրջանին Երեւան Արցախ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան: Երեւան Արցախ ներկայացուց ակումբին տարբերանշանը, որուն հիմնական գոյներն են կարմիրը եւ ճերմակը: Յայտնենք, որ 12 յունիսէն ի վեր խումբին ֆութպոլիստները սկսան իրենց փորձերուն` «Միքա» մարզահամալիրին մէջ:

