Այաքս Ամսթերտամի եւ Ինթեր Միլանի նախկին մարզիչ Ֆրանք տը Պէօր մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Անգլիոյ մէջ` նկատի ունենալով, որ ան նշանակուեցաւ Քրիսթալ Փալասի մարզիչ: 47 տարեկան հոլանտացին իր նոր ակումբին հետ նշանակեց երեք տարուան պայմանագրութիւն մը:
Նախորդ մայիսէն ի վեր խումբը կը մնար առանց մարզիչի` Սեմ Էըրտայսի պաշտօնազրկումէն ետք:
Տը Պէօր նոյեմբեր 2016-էն ի վեր, երբ հեռացուեցաւ Ինթեր Միլանէն, կը մնար անգործ:
Նախորդ տարեշրջանին Քրիսթալ Փալաս «Փրեմիեր-լիկ»-ը աւարտեց 14-րդ դիրքին վրայ:



