Մարզական

Նախագահ Միշել Աուն Ընդունեց  ՀՄԸՄ-ի Պատուիրակութիւնը

Նախագահ Միշել Աուն Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Պատուիրակութիւնը

Ուրբաթ, 23 յունիս 2017-ին, ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւն մը այցելեց Պաապտայի նախագահական պալատ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներէն Հրայր Խաչատուրեան, Յարութ Ալաճաճեան եւ Վահրամ Պարսումեան, ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան անդամներէն Դրօ Մանտալեան, Կարօ Պէրպէրեան, Րաֆֆի Գասապեան, Ալեքսան Սիւբիւրկեճեան, Ճորճ Պ. Սապունճեան, Կարէն Սալխանեան, Սերուժ Աբիկեան եւ Ծովիկ Ժալըֆեան, ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի պասքեթպոլի յանձնախումբի անդամներէն Թալին Խաչատուրեան, Քարլա Եսայեան,...

Թենիս. Խաչանով Հասաւ Քառորդ Աւարտական

Գերմանական Հալ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող թենիսի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող ռուսահայ Կարէն Խաչանով յաջողեցաւ ապահովել քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Անոր մրցակիցը` Քէյ Նիշիքորի (Ճափոն) մրցումը կիսատ ձգեց վիրաւոր ըլլալուն պատճառով, մինչ անոր արդիւնքը առաջին սեթին կ՛ընթանար ի նպաստ Խաչանովի` 3-2 արդիւնքով: Մրցումը ընդհատուեցաւ 34-րդ վայրկեանին: Խաչանովի յաջորդ մրցակիցն է ռուս Անտրէ Ռուպլիով:

Ալեքս Տեմիրճեան Եւ… «Մրցումը Նպատակի Համար»

«Ֆեռարի Էյ. Էֆ. Քորս» խումբին մաս կազմող հայ փորձառու վարորդ Ալեքս Տեմիրճեան յայտարարեց, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 24-25 յունիսին «Պլանփեն Ճի. Թի. Սփորթց» ակումբին կազմակերպած ինքնաշարժի մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ «Փոլ Ռիքար» վազքուղիին վրայ: Ան յայտնեց, որ այս մրցումով ինք նպատակ ունի բոլորին ծանօթացնել Հայ դատը: Ան յատուկ հրաւէր ուղարկեց Ֆրանսայի հայ գաղութի զաւակներուն, որ միանան իրեն` աւելցնելով,...

Պասքեթպոլ. 1999-2000-ի Ծնունդ Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութեան 2-րդ Հանգրուանը Կը Սկսի Այսօր

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ գործակցութեամբ «Սփորթց-մանիա»-ի այսօր` շաբաթ, 24 յունիսին, տեղի կ՛ունենան 1999-2000-ի ծնունդ (18 տարեկանէն վար) Լիբանանի տարիքային ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումները: Անոնք տեղի կ՛ունենան Այնթուրայի, Էներժիի եւ Էմ-13-ի դաշտերուն վրայ: Բ. հանգրուանի իրենց տոմսերը ապահոված են 12 խումբեր, որոնք բաժնուած են չորս խմբակի: Այդ չորս խմբակներուն պատկերը հետեւեալն է: Ա. ԽՄԲԱԿ.- Ռիատի, Հուփս Պէյրութ եւ Պիպլոս Բ....

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Շաբաթավերջին «Տրիֆթ» Եւ «Սփիտ Թեսթ» Քֆարզեպիանի Մէջ

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ շաբաթավերջին, Քֆարզեպիանի Ուարտէ հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենան «Տրիֆթ»-ի եւ «Սփիտ թեսթ»-ի մրցումները: «Տրիֆթ»-ի մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր, կ՛իյնայ Լիբանանի «Տրիֆթ»-ի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Իսկ վաղը տեղի ունենալիք «Սփիտ-թեսթ»-ի մրցումը կ՛իյնայ Լիբանանի «Սփիտ-թեսթ»-ի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:

Վարձելէ Ետք Փաստաբաններ. Ռոնալտօ Մտադիր Չէ Վճարել 14,7 Միլիոն Եւրօ Արժողութեամբ Տուրքերը

Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, վարձեց միջազգային իրաւաբանական «Պէյքըր էնտ Մաքքենզի» ընկերութեան երկու փաստաբաններ, որոնք Մատրիտի դատարանին մէջ պիտի պաշտպանեն զինք: «Մարքա» կը հաղորդէ, որ 32 տարեկան ֆութպոլիստը ինքզինք մեղաւոր չի նկատեր եւ չի պատրաստուիր Սպանիոյ դատական իշխանութիւններուն վճարելու 14,7 միլիոն եւրօ արժողութեամբ այն գումարը, որ իր վճարելիք հարկերուն գումարն է: Սպանիոյ դատարանը ֆութպոլիստին դէմ ներկայացուցած է տուրքերու օրէնսդրութեան...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Լայփցիկին Եւ Սալզպուրկին Կ՛արտօնէ Մասնակցիլ «Չեմփիընզ Լիկ»-ին

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Լայփցիկին Եւ Սալզպուրկին Կ՛արտօնէ Մասնակցիլ «Չեմփիընզ Լիկ»-ին

Գերմանական Լայփցիկ եւ աւստրիական Սալզպուրկ ֆութպոլի խումբերը իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն «Չեմփիընզ լիկ»-ի 2017-2018 տարեշրջանի ֆութպոլի մրցաշարքին: Նախապէս կը հաղորդուէր, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն այդ երկու ակումբներուն կրնայ արտօնութիւն չտալ մասնակցելու վերոնշեալ մրցաշարքին, որովհետեւ անոնք ունին մէկ սեփականատէր` «Ռետ-Պուլ»-ը: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին տուած այս որոշումը մեծ ուրախութեամբ ընկալուեցաւ երկու ակումբներուն կողմէ:

Մուրինիօ Եւս Կը Մեղադրուի Իր Տուրքերը Չվճարելու Ամբաստանութեամբ

Սպանական «ԱՍ» օրաթերթը կը յայտնէ, որ Մատրիտի դատարանը Ռէալ Մատրիտի նախկին մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի դէմ ներկայացուցած է մեղադրանք, որ ան խուսափած է իր տուրքերը վճարել երկրի կառավարութեան այն օրերուն, երբ մաս կը կազմէր մայրաքաղաքի կազմին: Կը նշուի, որ փորթուգալցի մարզիչը 2011-2012 ժամանակամիջոցին չէ վճարած իր տուրքերը, որոնք կը գնահատուին 3,3 միլիոն եւրոյով: Նշուեցաւ նաեւ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի այժմու մարզիչին` Մուրինիոյի...

Տենի Ալվես 2 Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Պիտի Կնքէ Մանչեսթըր Սիթիի Հետ

Goal.com կայքը կը յայտնէ, որ Եուվենթուսի պրազիլցի յետսապահ Տենի Ալվես իր ակումբը լքելով պիտի միանայ Մանչեսթըր Սիթիի եւ անոր հետ պիտի ստորագրէ 2 տարուան համաձայնագիր մը: Կը կարծուի, որ անոր փոխանցման մէջ իր դերը ունի անգլիական ակումբի մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլա` նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքը նախապէս միասին եղած են, երբ մաս կը կազմէին Պարսելոնայի: Նախորդ տարեշրջանին 34 տարեկան Ալվես 33...

Լիվըրփուլ Իր Կազմին Միացուց Մոհամետ Սալահը

Իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն Լիվըրփուլ տեղեկացուց, որ իր կազմին միացուց Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Մոհամետ Սալահը: 25 տարեկան եգիպտացի ֆութպոլիստը հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց` փոխան 42 միլիոն եւրոյի: Իտալական ակումբը յառաջիկային կրնայ ստանալ նաեւ 8 միլիոն եւրօ, եթէ Սալահ լաւ արդիւնքներ արձանագրէ: Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին Սալահ Ա. Էս. Ռոմայի հետ «Քալչիօ»-ի 65 մրցումի ընթացքին նշանակեց 29 կոլ: Ան...

Աթլեթիզմ Պոլթի Նախավերջին Ելոյթը` Մոնաքոյի Մէջ

Ողիմպիական ութակի ախոյեան, 100 եւ 200 մեթր վազքի աշխարհի մրցանշակիր, ժամայքացի Ուսէյն Պոլթ 21 յուլիսին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Մոնաքոյի մէջ տեղի ունեցող աթլեթիզմի միջազգային մրցաշարքի մը: Պոլթի համար Մոնաքոյի այս մրցաշարքը պիտի ըլլայ անոր ասպարէզին նախավերջին ելոյթը: 30 տարեկան Պոլթ յայտարարեց, որ օգոստոսին Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան 100 եւ 200 մեթր վազքի մրցումներուն մասնակցելով վերջ պիտի դնէ...

Թեքուանտօ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Հարաւային Քորէա

Իր մասնակցութիւնը բերելու համար թեքուանտոյի աշխարհի ախոյեանութեան, Լիբանանի թեքուանտոյի մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Մուժու (Հարաւային Քորէա): Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 971 երկսեռ մարզիկներ, եկած` 183 երկիրներէ: Լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահն է կրանտմասթըր Պասեմ Ատ: Նշենք, որ պատուիրակութեան մաս կը կազմէ նաեւ միջազգային իրաւարար մասթըր Տանիել Խուրասանճեան: Լիբանաեան պատուիրակութիւնը Պէյրութ կը վերադառնայ 1 յուլիսին:

Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Սամուէլ Գասպարեան Պրոնզէ Մետալակիր` Թոքիոյի Մէջ

Հայրենի լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Հայաստանի ներկայացուցիչ Սամուէլ Գասպարեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան, տիրացաւ պրոնզ մետալի: 105 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցած Գասպարեան ընդամէնը արձանագրեց 365 քկ (160 եւ 205): Հայրենի ծանրաբարձը տիտղոսին տիրացած իրանցի Ռեզա Փեիրալվանտէն ետ մնաց միայն 4 քիլոկրամով: Երկրորդ դիրքը գրաւեց վրացի Տաթօ Խեցուրիանի (3 քիլոկրամով ետ...

Միջցամաքամասային Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Երէկուան Երկու Մրցումներն Ալ Աւարտեցան 1-1 Հաւասարութեամբ

Միջցամաքամասային Ֆութպոլի Մրցաշարք. Երէկուան Երկու Մրցումներն Ալ Աւարտեցան 1-1 Հաւասարութեամբ

Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող ֆութպոլի միջցամաքամասային մրցաշարքի ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 2 մրցումներ` Բ. խմբակին մէջ: Անոնք երկուքն ալ աւարտեցան 1-1 հաւասարութեամբ: Առաջին մրցումին Քամերուն եւ Աւստրալիա, որոնք իրենց կատարած առաջին մրցումին պարտութիւն կրած էին, երէկ իրարմէ բաժնուեցան 1-1 հաւասարութեամբ: Անտրէ Անկուիսսա Ա. կիսախաղին կորսուած վայրկեաններուն նշանակեց Քամերունի կոլը, մինչ Աւստրալիոյ կոլը փենալթիով նշանակեց Մարք Միլիկըն (60-րդ): Իսկ Գերմանիա...

Լիբանանի Հրացանաձգութեան Ֆետերասիոնի Նախագահը Կը Մեկնի Միւնիխ

Լիբանանի հրացանաձգութեան ֆետերասիոնի նախագահ, Ասիոյ եւ Արաբական հրացանաձգութեան ֆետերասիոններու անդամ Փիեռ Ժալըխ, այսօր կը մեկնի Միւնիխ (Գերմանիա)` հոն իր մասնակցութիւնը բերելու համար կիրակի, 25 յունիսին տեղի ունենալիք Միջազգային հրացանաձգութեան ֆետերասիոնին համագումարին: Ան այս առիթով հանդիպումներ պիտի ունենայ շարք մը ֆետերասիոններու նախագահներուն հետ:

28 Յունիսին Պէյրութի Միջազգային Մարաթոնի Միութիւնը Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

28 Յունիսին Պէյրութի Միջազգային Մարաթոնի Միութիւնը Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ Պէյրութի միջազգային Մարաթոնի միութիւնը յայտարարեց, որ չորեքշաբթի, 28 յունիսին, ժամը 18:30-ին, Սին Էլ Ֆիլի քաղաքապետութեան մէջ կու տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին մեկնարկը պիտի յայտարարէ «542-փորձի յայտագիրին», որ կարելիութիւնը պիտի ունենայ Պէյրութի միջազգային մարաթոնին օժանդակելու միութեան: Պէյրութի միջազգային մարաթոնը (42.195 քմ) տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 12 նոյեմբեր 2017-ին:

Ճատրակ. Կարէն Ասրեանի Անուան 10-րդ Յուշամրցաշարքը Սկիզբ Առաւ Ջերմուկի Մէջ

Ջերմուկի մէջ, նախանցեալ օր սկիզբ առաւ Կարէն Ասրեանի անուան 10-րդ յուշամրցաշարքը. Ա. հանգրուանի ճակատումներուն յիշատակելի արդիւնքներ չարձանագրուեցան: Այս յուշամրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հետեւեալ 13 երկիրները. Ռուսիա, Ֆրանսա, Հնդկաստան, Ուքրանիա, Թուրքիա, Վրաստան, Իրան, Իսրայէլ, Լաթվիա, Ղազախստան, Մալեզիա, Պիելոռուսիա եւ Հայաստան: Մասնակցողներէն 21-ը կրանտմասթըրներ են:

Էտկար Մանուչարեան Ուրալի Հետ Մեկնեցաւ Սլովենիա

10 օրուան ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելու համար Ուրալ մեկնեցաւ Սլովենիա, յայտնեց ռուսական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ուրալի այս հաւաքին կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Էտկար Մանուչարեան: Սլովենիոյ մէջ, Ուրալ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ պիտի կատարէ Սլովենիոյ ախոյեան Մարիպորի, ինչպէս նաեւ` Անքարան եւ Ցելէի դէմ: Ուրալ իր երկրորդ հաւաքը եւս պիտի կատարէ Սլովենիոյ մէջ, 2-12 յուլիսին: Անոր ընթացքին եւս նախատեսուած...

Եւրոպական Ֆութպոլի Մրցաշարքեր. Հայկական Խումբերուն Կատարելիք Երթի Մրցումներուն Ժամանակացոյցը

Ինչպէս ծանօթ է, այս շաբաթասկիզբին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն կատարեց «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքերուն 2017-2018 տարեշրջանի զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Մրցումները տեղի պիտի ունենան երթուդարձի դրութեամբ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց այդ մրցումներուն կայացման վայրերը (թուականները եւ ժամերը` Երեւանի ժամանակացոյցով). Ստորեւ` յայտագիրը. 27 յունիս` Ալաշկերտ - Սանթա Քոլոմա (Անտորրա), Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտ, ժամը...

Իրանի Մէջ Բացայայտեցին Նաեւ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Նմանակին

Լիոնել Մեսսի Իրանի մէջ այլեւս միայնակ չէ: Իրանցիները բացայայտեցին նաեւ Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի նմանակին: Փորթուգալցիի նմանակին անունն է Ռեզա Ալի-Ռեզա Լոու: «Ինծի շատ յաճախ կ՛ըսէին, որ կը նմանիմ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյին: Սկիզբը այդ իրականութեան ուշադրութիւն չըրի: Սակայն երբ տեսայ, որ 100 մարդոցմէ 30-ը զիս Ռոնալտոն կը կարծեն, որոշեցի փոխել կերպարանքս, որպէսզի աւելի անոր նմանիմ:...

Page 962 of 1277 1 … 961 962 963 … 1,277

Արխիւներ