Երէկ սկսան «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2017-2018 տարեշրջանի զտումի Ա. հանգրուանի մրցումները, երբ տեղի ունեցան երթի շարք մը ճակատումներ:
Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտ որ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Անտորրայի ախոյեան Սանթա Քոլոման, նուազագոյն հաշուով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Ա. կիսախաղին Արտակ Դաշեանի փոխանցումէն ետք, սերպ Ուրոս Նենատովիչ նշանակեց հայկական կազմին կոլը:
Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ մը ետք` Անտորրայի մէջ:
Նախորդ տարի եւս Ալաշկերտ մրցած էր նոյն խումբին դէմ: