«Տէյլի մէյլ» կը հաղորդէ, որ ՖԻՖԱ-ն հետաքննութեան մը սկսաւ Պրազիլի մէջ 2014-ի մոնտիալին մասնակցած Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բոլոր մարզիկներուն նկատմամբ: Գոյութիւն ունի այն կասկածը, որ անոնք բոլորն ալ խթանիչ դեղեր գործածած են:
2014-ի մոնտիալին մասնակցած Ռուսիոյ կազմէն այժմ մնացած են միայն Իկոր Աքինֆէեւ, Եուրի Ժիրքով, Տմիթրի Քոմպարով, Տենիս Կլուշաքով, Ալեքսանտր Սամետով եւ Մաքսիմ Քանունիքով:
ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ յայտարարեց, որ կազմակերպութիւնը պատժամիջոցներ պիտի կիրարկէ Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ անոր հաւաքականներուն դէմ, եթէ փաստուի, թէ այդ մարզիկները խթանիչ դեղեր գործածած են:


