Հայաստանի մարզական լրագրողներու համադաշնակցութիւնը այսուհետեւ որեւէ առնչութիւն պիտի չունենայ Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուող «Տարուան լաւագոյն մարզիկ» մրցումին հետ:
Նախարարութեան կողմէ պիտի շարունակուին հանրային քննարկումները:
Տարուան լաւագոյն մարզիկները պիտի ընտրուին «Էս. Էմ. Էս.»-ի եւ գործող մարզական լրագրողներու քուէարկութիւններուն գումարումով:
Նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ լաւագոյն տասնեակին մէջ տեղ պիտի գտնեն միայն Հայաստանի դրօշին տակ եւ Հայաստանի համար մետալներու տիրացած մարզիկները:
Իսկ Հայաստանէն դուրս հանդէս եկող, բայց բարձր արդիւնքներ արձանագրած հայ մարզիկները պիտի պարգեւատրուին իբրեւ առանձին լաւագոյն մարզիկներ, սակայն պիտի չըլլան այդ տասնեակին մէջ: