Նախանցեալ օր Ռուսիոյ Խանթի Մանսիսք քաղաքին մէջ աւարտեցաւ աշխարհի ճատրակի խմբային ախոյեանութիւնը:
Ռուսիոյ աղջկանց ազգային խումբը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան (16 կէտով)` 3 կէտով գերազանցելով Չինաստանը: 12 կէտով երրորդ դիրքը գրաւեց Վրաստան:
Տղոց պարագային 16 կէտով աշխարհի ախոյեան հռչակուեցաւ Չինաստան, մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Ռուսիա (15 կէտ) եւ Լեհաստան (12 կէտ):



