Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, թէ կը մտածէ Հայաստանի մէջ ֆութպոլի ակադեմիա մը հիմնելու մասին, որպէսզի կարելի ըլլայ ունենալ ապագայի աստղեր:
Ան յայտնեց, որ ինք միշտ ալ սիրած է ֆութպոլը:
«Հայրս եղած է իմ ներշնչումիս աղբիւրը, ինչպէս ֆութպոլի մէջ, այնպէս ալ կեանքին մէջ», ըսաւ ան:
Ան նշեց, որ իր երազն էր տիրանալ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին:
Այդ երազին իրականացումէն ետք, այժմ իրեն համար այլ երազ մըն է բարձրացնել նաեւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին տիտղոսը: