Մարզական

Տենի Ալվես Պաշտօնապէս Հեռացաւ Եուվենթուսէն

Եուվենթուսին մաս կազմող պրազիլցի յետսապահ Տենի Ալվես հեռացաւ իր ակումբէն, յայտնեց իտալական ակումբին պաշտօնական կայքը: Թէեւ Եուվենթուսի հետ Ալվեսի պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ 2018, սակայն երկկողմանի համաձայնութեամբ, այդ պայմանագրութիւնը խզուեցաւ: Ներկայիս կը խօսուի շարք մը ակումբներու մասին, որոնց կրնայ միանալ Ալվես: Սակայն ըստ որոշ տարաձայնութիւններու, Ալվեսի յաջորդ ակումբը պիտի ըլլայ Մանչեսթըր Սիթին:

Պրազիլի Մէջ. Ոստիկան – Իրաւարարը Իր Զէնքով Վազեց Ֆութպոլիստին Ետեւէն

Պրազիլի ֆութպոլի ոչ արհեստավարժ ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումի մը ընթացքին կատարուեցաւ վտանգաւոր արարք մը: Արդարեւ, օրուան իրաւարարը, որ նաեւ ոստիկան է, սուլեց փենալթի մը: Այս վճիռէն դժգոհ մնալով` ֆութպոլիստներէն մէկը հարուածեց իրաւարարին: Ոստիկան-իրաւարարը այդ արարքը չկարենալով մարսել, անմիջապէս ուղղուելով նստարան իր պայուսակին մէջէն առաւ իր զէնքն ու ձեռնաշղթաները եւ վազեց զինք հարուածած ֆութպոլիստին ետեւէն, որ ցանկապատին վրայէն ցատկելով պատսպարուեցաւ...

Ռուսիա Հակահրասայլային Հրթիռներու Նոր Մատակարարում Կը Կատարէ Ազրպէյճանին

Ռուսիա հակահրասայլային հրթիռներու նոր մատակարարում կատարած է Ազրպէյճանին` Պաքուի հետ կնքուած սպառազինման գործարքի ծիրին մէջ: «Տը Արմինիըն Ուիքլի» կը յայտնէ, որ 24 յունիսին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է տեսանիւթ մը` ցուցադրելով տասնեակներով ինքնակառավարուող «Քրիզանթեմա-Ս» համակարգեր, որոնք Պաքուի կասպիցծովեան նաւահանգիստին մէջ դուրս բերուած են ռուսական բեռնատար նաւէ մը: «Քրիզանթեմա-Ս» համակարգը նախատեսուած է հրասայլեր, զրահապատ մարդատար միջոցներ, ինչպէս նաեւ օդային թիրախներ յայտնաբերելու...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Առաջին Մրցակիցը` Հուփս Մեթն

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի մրցումներուն յայտագիրը: Մրցումները կը սկսին չորեքշաբթի, 5 յուլիսին: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ իր կարգին կը մասնակցի այս ախոյեանութեան, իր առաջին մրցումին պիտի ճակատի Հուփս Մեթնի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պիպլոսի դաշտին վրայ (Ժիպէյլ), պիտի կատարուի հինգշաբթի, 6 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին: Ստորեւ` ՀՄԸՄ Պուրճ...

Ռիտա Անթարի Հրաժեշտի Մրցումը. Պարսելոնայի 3 Մարզիկներուն Լիբանան Այցելութեան Ժամանակացոյցը

Ինչպէս ծանօթ է, երեքշաբթի, 4 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Ռիտա Անթարի հրաժեշտի մրցումը: Այս կարեւոր մրցումին առիթով Լիբանան պիտի այցելեն Պարսելոնայի այժմու խումբին մաս կազմող երեք անուանի ֆութպոլիստները Ժերար Փիքէ, Սերճիօ Պուսքեթց եւ Եորտի Ալպա: Վերոնշեալ երեք մարզիկները Լիբանան պիտի այցելեն երկուշաբթի, 3 յուլիսի երեկոյեան, վարչապետ Սաատ...

«Եուրոփա Լիկ».  Հայրենի Երեք Խումբերն Ալ Պարտութիւն Կրեցին

«Եուրոփա Լիկ». Հայրենի Երեք Խումբերն Ալ Պարտութիւն Կրեցին

«Եուրփա-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2017-2018 տարեշրջանի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումները, որոնք տեղի ունեցան երէկ գիշեր, այդքան ալ ուրախալի չեղան հայկական երեք խումբերուն համար, որոնք պարտութիւններ կրեցին իրենց մրցակիցներէն: Շիրակ, որ հիւրընկալեց Կորեքան, 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Հիւր կազմին երկու կոլերը նշանակեց Ռիֆեթ Քափիչ (16-րդ եւ 69-րդ): Իր կարգին, Փիւնիկ, որ հիւրընկալեց Սլովան Պրաթիսլաւան, 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, հակառակ...

Հայկական Ֆութպոլ. Այսօր` Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարքի Վիճակաձգութիւնը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ այսօր` ուրբաթ, 30 յունիսին, ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 2017-2018 տարեշրջանի վիճակաձգութիւնը: Անոր զուգահեռ, տեղի պիտի ունենայ նաեւ 2017-2018 տարեշրջանի բարձրագոյն եւ Ա. դասակարգերու ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը:

Միջցամաքամասային Ֆութպոլի Մրցաշարք. Գերմանիա Յաղթեց Մեքսիքայի` 4-1 Արդիւնքով

Չիլիէն ետք աւարտական հանգրուան հասնող երկրորդ խումբը հանդիսացաւ Գերմանիա, որ երէկ գիշեր միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, կիսաւարտականին իր կատարած մրցումին 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մեքսիքան: Լէոն Կորեցքա (6-րդ եւ 8-րդ) Թիմօ Վերնըր (59-րդ) եւ Ամին Եունես (90-րդ) նշանակեցին Գերմանիոյ կոլերը, իսկ Մարքօ Ֆապիան` Մեքսիքայի կոլը (89-րդ): Աւարտականին, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 2 յուլիսին, ժամը 21:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Չիլի...

7 Օգոստոսին` Պարսելոնա – Շափեքոյենսէ Մրցումը

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Պարսելոնա Սպանիա հրաւիրեց պրազիլական Շափոքոյենսէ ֆութպոլի ակումբը, որպէսզի անիկա իր մասնակցութիւնը բերէ 7 օգոստոսին տեղի ունենալիք «Թրոֆէօ Կամպեր» ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքին: 29 նոյեմբեր 2017-ին միջազգային ֆութպոլի ընտանիքը ապրեցաւ սեւ օր մը, երբ պրազիլական Շափեքոյենսէ ֆութպոլի անձնակազմը փոխադրող օդանաւը, Քոլոմպիոյ վերեւ արկած մը ունենալով ջախջախուեցաւ: Արկածին զոհ գացին անձնակազմին բոլոր անդամները:  

«Էն. Պի. Էյ.». Ֆիլ Ճեքսըն Հեռացաւ Նիւ Եորք Նիքսէն

Ամերիկացի անուանի պասքեթպոլի մասնագէտ Ֆիլ Ճեքսըն հեռացաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի կազմերէն Նիւ Եորք Նիքսի նախագահի իր պաշտօնէն, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը: Ան այս պաշտօնը կը վարէ 2014-էն ի վեր: 71 տարեկան Ճեքսըն իր տուած հրաժարականէն ետք յայտարարեց. «Նիւ Եորք Նիքսը մի՛շտ իր իւրայատուկ տեղը պիտի ունենայ սրտիս մէջ: Այս խումբէն եւ այս քաղաքէն սկսայ իմ արհեստավարժ ասպարէզս: Մի՛շտ շնորհակալ պիտի...

Մեքսիքացիի Մը Հնարամտութիւնը

Միջազգային կարգ մը մարզական լրատուամիջոցներ նախանցեալ օր անդրադարձան Մեքսիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի համակիրներէն Արթուրօ Կարսիային, որ բաւական հետաքրքրական «սուտ» մը խօսած է իր կնոջ: «Ես կնոջս ըսի, թէ կ՛երթամ ծխախոտ գնելու: Բայց չյստակացուցի, թէ ուրկէ՞ պիտի գնէի ծխախոտը: Ի վերջոյ ան իմացաւ, որ ես մեկնեցայ Ռուսիա` ներկայ գտնուելու համար հոն տեղի ունեցող ֆութպոլի միջցամաքամասային մրցաշարքին եւ քաջալերելու մեր երկրին ֆութպոլի...

19 Տարեկան Քարլոս Ալենիայի Փոխանցման Արժէքը` 75 Միլիոն Եւրօ

Պարսելոնայի երկրորդ խումբի միջնապահ Քարլոս Ալենիա իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր ակումբին հետ նոր պայմանագրութիւնը, որ երեք տարուան ժամկէտով է, կրնայ երկու տարիով երկարաձգուիլ, եթէ սպանացի ֆութպոլիստը տեղափոխուի Պարսելոնայի գլխաւոր խումբ: Քաթալոնական ակումբը իր 19 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութեան մէջ նշած է, որ անոր փոխանցման արժէքը կը կազմէ 75 միլիոն եւրօ, եթէ ան կարենայ ինքզինք ամրապնդել գլխաւոր խումբին մէջ: Նախորդ տարեշրջանին Ալենիա...

Օպամեյանկ Չինական Ակումբէ Մը 30 Միլիոն Եւրօ Աշխատավարձի Առաջարկ Մը Կը Ստանայ

Գերմանական «Պիլտ» օրաթերթին համաձայն, Պորուսիա Տորթմունտի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ չինական ակումբէ մը ստացած է տարեկան 30 միլիոն եւրօ աշխատավարձի առաջարկ մը: Անոր փոխանցման համար չինական ակումբը Տորթմունտին պատրաստ է վճարելու 80 միլիոն եւրօ: Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 2016-2017 տարեշրջանի լաւագոյն կոլսքորըրը հանդիսացած (31 կոլով) 28 տարեկան Օպամեյանկ արդեօք պիտի ընդունի՞ իրեն ներկայացած այս առիթը, թէ՞ պիտի մնայ իր ակումբին հետ,...

Վերաթթի Չ՛ուզեր Մնալ Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ

Իտալացի միջնապահ Մարքօ Վերաթթի ըստ երեւոյթին նոր ակումբի մը փնտռտուքի աշխատանքին մէջ է, որովհետեւ չ՛ուզեր իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ, կը յայտնէ «Մունտօ-Տեփորթիւօ»: Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող Վերաթթի փարիզեան ակումբին կողմէ ստացաւ տարեկան 12 միլիոն եւրօ աշխատավարձ, սակայն 24 տարեկան ֆութպոլիստը կ՛ուզէ իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել այնպիսի խումբի մը հետ, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին տիտղոսակիր...

Աթլեթիզմ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Ուսէյն Պոլթ Կը Շարունակէ Իր Պատրաստութիւնները

5-13 օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ աշխարհի աթլեթիզմի ախոյեանութիւնը: Ինչպէս նախապէս հաղորդեցինք, ժամայքացի Ուսէյն Պոլթ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ օգոստոսին Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք 100 եւ 200 մեթր վազքի մրցումներով պիտի աւարտէ իր արհեստավարժ ասպարէզը: Այժմ ան կը շարունակէ իր պատրաստութիւնները` Չեխիոյ Օսթրաւա քաղաքին մէջ մասնակցելով «Կոլտըն Սփայք»-ի մրցաշարքին: Ան ողիմպիական խաղերու 8-ակի ախոյեան է եւ 100 եւ...

Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնը Կը Յայտարարէ  Ախոյեանութիւններու Եւ Մրցաշարքերու Ցանկը

Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնը Կը Յայտարարէ Ախոյեանութիւններու Եւ Մրցաշարքերու Ցանկը

Իր գումարած ժողովին, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը քննարկեց իր օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը եւ տուաւ որոշումներ: Յայտարարուեցաւ, որ ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 8-9 յուլիսին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունենալիք Արաբական ֆետերասիոնի ժողովին: Ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղարը Ապտօ Նատեր 26 յուլիսին պիտի մասնակցի Ֆրանսախօս երկիրներու ժողովին` նկատի ունենալով, որ Ֆրանսախօս երկիրներու խաղերը տեղի կ՛ունենան այս տարի` Փղոսկրեայ Ափունքի...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Հայաստան Տիրացաւ 1 Արծաթ Եւ 2 Պրոնզ Մետալի` Տորթմունտի Մէջ

Գերմանիոյ Տորթմունտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան երկրորդ օրը` երէկ, Հայաստան տիրացաւ 2 յաւելեալ մետալներու: Առաջին օրը պրոնզ մետալի տիրացած էր Կարէն Չուրաբեան` 50 քկ դասակարգին մէջ: 120 քկ դասակարգին մէջ Յովհաննէս Մաղակեան` թէեւ հասաւ աւարտական, սակայն պարտութիւն կրելով տիրացաւ արծաթ մետալին: Իսկ Հայաստանի համար երկրորդ պրոնզ մետալը ապահովեց Արսէն Յարութիւնեան:

«Եուրոփա-Լիկ».  Հայկական 3 Խումբերը Այսօր Մրցում Ունին Կատարելիք

«Եուրոփա-Լիկ». Հայկական 3 Խումբերը Այսօր Մրցում Ունին Կատարելիք

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2017-2018 տարեշրջանի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր հայրենի 3 խումբերը մրցումներ ունին կատարելիք: Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 15:00-ին, Շիրակ կը հիւրընկալէ Կորիքան: Ժամը 18:00-ին, Փիւնիկի հիւրը պիտի ըլլայ Սլովան Պրաթիսլա: Իսկ ժամը 21:30-ին, Գանձասար հիւրը պիտի ըլլայ Մլատոսթ Փոտկորիցայի: Կ՛ակնկալուի, որ հայկական 3 խումբերն ալ այսօր յաղթանակներ արձանագրեն` դարձի մրցումներուն դժուարութիւններ չդիմագրաւելու համար:

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Հրապարակեց Կրտսերներու Ախոյեանութեան Ա. Եւ Բ. Խմբակներուն Դասաւորումը

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց Լիբանանի կրտսերներու ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի Ա. եւ Բ. խմբակներուն վերջնական դասաւորումը: Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ, իր կատարած 14 մրցումներուն արձանագրելով 3 յաղթանակ, 2 հաւասարութիւն եւ կրելով 9 պարտութիւն, 11 կէտով գրաւեց 7-րդ եւ նախավերջին դիրքը: ՀՄԸՄ նշանակեց 19 կէտ եւ իր բերդին մէջ ստացաւ 52 կէտ: Ստորեւ` խմբակներուն դասաւորումը. Ա....

Համաշխարհային Եունիվերսիատ. Հայաստան Կը Մասնակցի Երեք Ծանրաբարձով

19-30 օգոստոսին Թայփէի մէջ տեղի պիտի ունենայ համաշխարհային ամառնային Եունիվերսիատը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան` միայն երեք ծանրաբարձով (տղաք): Այս տեղեկութիւնը լրագրողներուն յայտնեց Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար եւ տղոց ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Փաշիկ Ալավերդեան: Ուսանողական այս խաղերուն Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Անդրանիկ Կարապետեան (85 քկ), Սիմոն Մարտիրոսեան (105 քկ) եւ Գոռ Մինասեան (105 քկ եւ վեր):

Page 960 of 1277 1 … 959 960 961 … 1,277

Արխիւներ