Ռուսական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ ռուսահայ ֆութպոլիստ Փաւել Դալալոյեան զոհ գնաց ինքնաշարժի արկածի մը:
38 տարեկան ֆութպոլիստը ծանր վնասուածքի ենթարկուեցաւ, երբ տեղի ունեցաւ այդ արկածը:
Մինչեւ անոր համար շտապ օգնութեան ժամանումը, ան չկարենալով պայքարիլ իր ցաւերուն դէմ, մահացաւ:
Արկածը տեղի ունեցաւ ռուսական Վորոնեժ քաղաքին մէջ:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան մաս կազմած է Քուպանի, Լոքոմոթիւի, Տինամոյի եւ ռուսական շարք մը այլ ակումբներու:



