
Պատրաստուելու համար յուլիսի սկիզբը տեղի ունենալիք Ասիոյ աղջկանց պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին, Լիբանանի ազգային խումբը` գլխաւորութեամբ մարզիչ Տիգրան Կէօքճեանի, իր փորձերը կը շարունակէ կատարել ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):
Խումբին կատարած վերջին փորձերուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա, փոխնախագահ Ռամի Ֆաուազ, ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք եւ ազգային խումբերու յանձնախումբի պատասխանատու Ղազի Պուսթանի:
Յայտնենք, որ նախապէս հրապարակուած ցանկը, որ կազմուած էր 18 մարզիկէ, այժմ կը բաղկանայ 14 հոգիէ:
Ստորեւ` այդ 14 մարզիկներուն անունները. Ռեպեքա Աքըլ (խմբապետ), Նարինէ Կէօքճեան, Ճենիֆըր Ամուրի, Նուր Շուքէյր, Այա Հալապի, Մակալի Ժեմայել, Միրամար Մուքտատ, Ֆարահ Հարաքէ, Շիրին Շերիֆ, Այտա Պախոս, Լէյլա Ֆարես, Լամա Մուքատեմ, Քարեն Շամմաս, Նենսի Մաալուֆ եւ Պրիթանի Տենսըն: Վերջինս երկրորդ անգամ ըլլալով կը միանայ ազգային խումբին` իբրեւ լիբանանեան հպատակութիւն ստացած մարզիկ:
Կը նշուի, որ նախքան Հնդկաստան մեկնումը, լիբանանեան պատուիրակութիւնը պիտի մեկնի Թուրքիա, ուր պիտի կատարէ բանակում մը եւ պիտի ունենայ բարեկամական մրցումներ: