Ուքրանական Սթալ ֆութպոլի ակումբը կը պատրաստուի 2017-2018 նոր տարեշրջանին, տեղեկացուց ակումբին պաշտօնական կայքը:
Խումբը քանի մը օրէ ի վեր Քիեւի մէջ արդէն իսկ սկսած է իր փորձերուն: Անոնք տեղի կ՛ունենան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յետսապահ եւ խումբի գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորութեամբ:
Մելիքեան, որ նախորդ տարեշրջանին կը գլխաւորէր Սթալի երիտասարդական խումբը, այժմ անցած է գլխաւոր խումբ:
Յայտնենք, որ ուքրանական ակումբին հետ ելոյթ կ՛ունենան նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահներ Գոռ եւ Էտկար Մալաքեան եղբայրները: