Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը երկուշաբթի, 26 յունիսին, հրապարակեց տղոց եւ աղջկանց նոր ընդհանուր դասաւորումը:
Ռուսիոյ տղոց դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող հայ թենիսմեն Կարէն Խաչանով, որ նախորդ շաբաթավերջին Հալի միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ հասաւ կիսաւարտականին, սակայն 6-4 եւ 7-6 արդիւնքով պարտուեցաւ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերէն, նոր դասաւորման մէջ 4 դիրքի ոստում մը արձանագրելով բարձրացաւ 34-րդ դիրք` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 1176 կէտ:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի անգլիացի Էնտի Միւրէյ (9390 կէտ):
Իսկ աղջկանց պարագային պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի գերմանացի Անճելիք Քերպըր (6965 կէտ):