Վաղը` Գերմանիա – Մեքսիքա
Միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ Ռուսիոյ մէջ, այսօր կը կատարուի կիսաւարտականի առաջին ճակատումը, որուն ընթացքին Փորթուգալ կը մրցի Չիլիի դէմ: Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումին, նոյն ժամուն, վաղը Գերմանիա կը ճակատի Մեքսիքայի դէմ:
Նախորդ շաբաթավերջին կատարուած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, հիւրընկալ երկիրը` Ռուսիա, Նոր Զելանտա, Աւստրալիա եւ Քամերուն դուրս մնացին մրցաշարքէն:
Այսօրուան մրցումին իրաւարարը պիտի ըլլայ իրանցի Ալիրեզա Փականի: