Երկու տարուան ընդմիջումէ մը ետք, Պարսելոնա-Բ. վերադարձաւ Սպանիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգ:
Փլէյ-օֆի մրցումներուն, Պարսելոնա յաջողեցաւ գերազանցել Ռասինկ Սանթանտերը` դարձի մրցումին 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք անոր հետ. երթ` 4-1, ի նպաստ Պարսելոնայի:
Պարսելոնա-Բ.-ի հետ միասին Բ. դասակարգ բարձրացաւ նաեւ Ռասինկ, որ անցեալին 44 տարի շարունակ ելոյթ ունեցած է «Փրեմիեր լիկ»-ի մէջ:



