Նորաստեղծ Արցախ ֆութպոլի ակումբը յաղթանակ տարաւ իր կատարած առաջին բարեկամական մրցումին:
Նախկին «Միքա» մարզադաշտին վրայ Հայաստանի ֆութսալի հաւաքականին դէմ մրցած խումբը, զոր կը գլխաւորէ Տիգրան Եսայեան, 5-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
2 յուլիսին Արցախ ֆութպոլի բարեկամական այլ մրցում մը պիտի կատարէ, այս անգամ` Բանանցի դէմ:
Յառաջիկայ տարեշրջանին Արցախ ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան: