Արաբական Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Ահտի Տպաւորիչ Ելոյթը` Նասըրի Դէմ
Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեան Ահտ, որ Աղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս) իր մասնակցութիւնը կը բերէ Արաբական ակումբներու ֆութպոլի ախոյեանութեան, նախորդ շաբաթավերջին կատարեց իր առաջին մրցումը Սէուտական Արաբիոյ ախոյեան Նասըրի դէմ: Թէեւ Նասըր Ա. կիսախաղը աւարտեց ի նպաստ իրեն (1-0), շնորհիւ Եհիա Շաարիի նշանակած կոլին (37-րդ), սակայն լիբանանեան կազմը ունեցաւ բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը` առանց սակայն կարենալ ցնցելու մրցակիցին բերդին ուռկանը: 49-րդ վայրկեանին Իպրահիմ...


