Ռումանիոյ մէջ իր աւարտին մօտեցող Եւրոպայի տղոց պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին, 17-րդ դիրքի մրցումին 82-80 արդիւնքով յաղթեց Ազրպէյճանի (25-15, 17-27, 20-13, 20-25):
Այսպիսով, հայրենի կազմը, գլխաւորութեամբ գլխաւոր մարզիչ Վիգէն Էսքիճեանի, Ա. խմբակին մէջ գրաւեց 5-րդ եւ վերջին դիրքը` իր կատարած չորս մրցումներուն կրելով երեք պարտութիւն Ֆինլանտայէն (95-69), Պիելոռուսիայէն (67-56) ու Պելճիքայէն (87-74) եւ յաղթելով միայն Լեհաստանի (56-45):



